ԳՀԽ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀՐԱՀՐՈՒՄՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով գումարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Նիստը բացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ ժողովական հայրերու համատեղ աղօթքով՝ անցեալ շաբաթներուն Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգւոց հանգստութեան համար։ Օրակարգի վրայ եկան հարցեր՝ Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կապակցութեամբ ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան ապագային ընելիքներուն վերաբերեալ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ։

Առկայ պայմաններուն ներքեւ ԳՀԽ-ի անդամները կարեւորեցին համազգային միասնութեան, սթափութեան եւ զգաստութեան պահպանումը՝ միեւնոյն ժամանակ դատապարտելով զգայնութիւններու շահարկումները եւ բռնութեան դրսեւորումները։ Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որպէսզի բոլոր կողմերը իրադարձութիւններու գնահատման եւ ապագայ զարգացումներու առընչութեամբ զերծ մնան այնպիսի հռետորաբանութենէ, որ քաղաքացիական բախումներ կը հրահրէ եւ կ՚ապակայունացնէ։ Ըստ այդմ ալ ընդգծուեցաւ բարդ այդ իրավիճակի կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը միմիայն քաղաքական գործընթացներով, իրաւասու եւ կարող ուժերու համընդհանուր ջանքերով։ Այս առումով շեշտուեցաւ նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութիւնը՝ ի նպաստ ազգային համերաշխութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի զօրացման։ Քննարկուեցան զինուորականներու, վիրաւոր զինուորներու եւ նահատակ մարտիկներու ընտանիքներու հետ եկեղեցականներու հովուական աշխատանքի, Արցախի բնակավայրերէն տեղահանուած ընտանիքներու կարիքներու նկատմամբ հոգածութեան եւ հոգեւոր խնամքի կազմակերպման վերաբերեալ խնդիրներ։ Վերջաւորութեան ժողովականները վերստին իրենց աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած՝ Արցախ աշխարհի եւ համայն հայութեան անվտանգ եւ ապահով կեանքին համար։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020