ՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՐՋԱՆ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած ընդունելութիւններուն վերջինը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին՝ հերթական անգամ առիթ հանդիսանալով մեծ ոգեւորութեան։ Երէկ, Գումգաբուն հանդիսացաւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ զանազան վարժարաններու ծնողաց միութիւներու ներկայացուցիչներուն ժամադրավայրը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իգական սեռի մեր գործիչները, որոնք փութացած էին տօնական օրերուն ուրախակից ըլլալ Պատրիարքական Աթոռին։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ հոծ բազմութիւն մը համախմբուած էր տօնական ընդունելութեան առթիւ։ Յանուն տիկնանց յանձնախումբերուն Թագուհի Կիւլ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց Նորին Սրբազնութեան։
Կատարուած պատուասիրութեան զուգահեռ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնները փոխանցեց իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչներուն։ Ան մտահոգութեամբ անդրադարձաւ աշխարհի այսօրուան կացութեան ու շեշտեց, որ 2015 թուականը դժբախտաբար Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ բնորոշուած է ահաբեկչութիւններով ու զանազան ողբերգական դէպքերով։ Մերձաւոր Արեւելքի ու մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, մարդիկ շատ նեղ պայմաններու մէջ կը մղեն կեանքի պայքար։ «Մենք Պոլսոյ մէջ փառք Աստուծոյ, որ մեծ, անտանելի հարց մը չունեցանք։ Ընդհանուր առմամբ լաւ տարի մը անցուցինք», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այս ամբողջին մէջ բարձր գնահատեց նաեւ պետական իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը։
Իր ելոյթին տեւողութեան Ընդհանուր Փոխանորդը անդրադարձաւ նաեւ գաղթականներու վերաբերեալ հարցերուն, որոնց առանձնապէս անդրադարձած ենք յարակից սիւնակներուն մէջ։
Իգական սեռէ գործիչներու հետ հանդիպման տեւողութեան տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը։ Այս հանգրուանին մասնաւորապէս արծարծուեցան հայերէն լեզուի, մեր դպրոցներու կացութեան, հայախօսութեան եւ նոր սերունդէ կրթական մշակներու պատրաստութեան վերաբերեալ հարցեր։ Հիւրերէն ոմանք դիտել տուին, որ մեր համայնքի մասնագիտական մարդուժը դարձած է ծայր աստիճան սահմանափակ եւ այսօր նոյնիսկ կարելի չ՚ըլլար համալսարանական միջավայրի մը մէջ ուսուցիչներ պատրաստելու համար առաջարկել անուններ։ Այս կէտին վրայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, թէ նոր սերունդէ կրթական մշակներու պատրաստութեան հարցը, ըստ էութեան, վերապահուած է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին։ Այս խնդրին յաղթահարումը մաս կը կազմէ անոր պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու ծիրին։ Նկատի ունենալով, որ ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան՝ կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտին մէջ ան եւս իր դիտարկումները բաժնեց ներկաներուն հետ։ Թագուհի Հալաճեան մատնանշեց, թէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ձեռնամուխ կ՚ըլլայ դասընթացքներու՝ երիտասարդ կրթական մշակներու պատրաստութեան համար, սակայն այդ դասընթացքներու արդիւնքին ակնկալուած յաջողութիւնը չ՚արձանագրուիր, իսկ այդ անյաջողութեան հիմնական պատճառն է հետեւողականութեան պակասը։
Հասարակաց ցաւերը բաժնելու ուղղեալ անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց նաեւ, թէ այսօր մեր երիտասարդները իսթանպուլահայ վարժարաններէն դուրս չեն գար որպէս հայախօս եւ այս պայմաններուն ներքեւ ինչպէ՞ս յետոյ հայերէնի ուսուցման վերաբերեալ ասպարէզ մը պիտի ընդգրկեն։ Ան տեղին մատնանշումով մը յայտնեց նաեւ, թէ այսօր նոյնիսկ մեր հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն լեզուն տկար է։ Հայկական լիսէներու շրջանաւարտները հայերէնով հազիւ երկու նախադասութիւն կազմելու ի վիճակի չեն։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Նորին Սրբազնութիւնը յորդորեց բազմապատկել բոլոր ջանքերը՝ որպէսզի մայրենիի ուսուցման վերաբերեալ խնդիրները աստիճանաբար լուծուին ու մեր լեզուն ժառանգուի յառաջիկայ սերունդներուն։
Հարցում-պատասխանի այս հանգրուանէն վերջ, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութիւնը աւարտին հասաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ։
Տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչներու արձակումէն առաջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ մեր իգական սեռի գործիչները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ ստացան աւանդական նուռեր՝ որպէս նուէր, իրենց ընտանեկան յարկերու երջանկութեան, բնակարաններու բերրիութեան մաղթանքով։