ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆՀՐԱԺԵՇՏ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու նորոգ վախճանեալ անդամին՝ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը։ Հրաժեշտի համար վախճանեալ սրբազանին աճիւնը դրուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ, ուր կատարուած արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց նաեւ ցաւակցական խօսք մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միաբանութեան, հանգուցեալ Սրբազան Հօր հարազատներուն, մտերիմներուն եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար։ «Մենք համախմբուած ենք այստեղ վերջին անգամ մեր սէրը, յարգանքն ու աղօթքը բերելու իրեն եւ ուղեկցելու դէպի երկնային լուսեղէն բարձունքներ եւ օթեւաններ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ կանգ առաւ նաեւ բարեյիշատակ Գրիգորիս Սրբազանի մարդկային կերպարին, նուիրեալ ծառայութեան վրայ։
Ս. Գայիանէ վանքէն սգոյ թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատունը, ուր թաղման կարգին հանդիսապետեց Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն առընթեր յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Շիրակի եւ Արմաւիրի մարզային իշխանութիւններուն, Երեւանի մօտ Ուքրայնոյ դեսպանատան ներկայացուցիչները, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմէն պատասխանատուներ։
Եկեղեցական
- 11/26/2024