ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րաժշ­տա­պետ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։ Բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով ո­գե­կո­չուե­ցաւ վախ­ճա­նեալ Յով­հան­նէս Եպսկ. Սէ­թեան։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016