ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծագում առած տհաճ իրադարձութիւններու շարքը դժբախտաբար կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ կարգ մը շրջանակներ կը ջանան թիրախաւորել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անհասկնալիօրէն պահանջելով Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։ Շաբաթավերջին այս կապակցութեամբ ցաւալի երեւոյթներ յառաջացան Երեւանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կը նախագահէր Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի արարողութիւններուն։ Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին կարգ մը ցուցարարներ, որոնց կողմէ առնուած քայլերը տեղի տուին այլ հաւատացեալներու հակազդեցութեան ու բողոքին։ Այդ բոլորին հիման վրայ ծագեցաւ միջադէպ մը, ինչ որ անբաղձալի է հոգեւոր կեանքի մէջ։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու խորհրդակցութիւն մը։ Այս ժողովին մասնակցեցան այն սրբազանները, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կամ ներքին թեմերու առաջնորդներ են։ Կը հաղորդուի, որ առաջնորդական տեղապահներն ալ մասնակցեցան այս խորհրդակցութեան։ Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս յընթացս Ս. Պատարագի տեղի ունեցած միջադէպին։ Այս հարցին կապակցութեամբ արձանագրուեցաւ հետեւեալը.

«Մեր ցաւն ու վրդովմունքը կ՚արտայայտենք Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ խումբ մը անձերու կողմէ իրականացուած անընդունելի գործողութիւններու համար, որոնք խստօրէն դատապարտելի են՝ անկախ շարժառիթներէն։ Արդարացում չունի որեւէ քայլ, որ կը խաթարէ հոգեւոր միջավայրի աղօթական անդորրը եւ կը վիրաւորէ հաւատացեալներու կրօնական զգացումները»։

 Ժողովը նաեւ որոշեց շարունակել բոլոր միջոցները գործադրել՝ հնարաւորութիւն ընձեռելու համար նախաձեռնութեան անդամներուն վերադառնալ կանոնական դաշտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018