ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Սրբոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Քա­ղա­քիս մէջ այս տա­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մադ­րա­վայրն էր Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, մա­նա­ւանդ, որ թա­ղի հա­մա­նուն՝ Սրբոց Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը այս տա­րի թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 230-ա­մեա­կը։

Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ Ներ­կայ էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան, Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ բազ­մա­թիւ քա­հա­նայ հայ­րեր։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Յա­րու­թիւն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ներ­կայ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն կող­մէ։ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ եւս մաս­նակ­ցե­ցան Ս. Պա­տա­րա­գին։

Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան կանգ ա­ռաւ հա­յոց լե­զուին, այ­բու­բե­նին ու մշա­կոյ­թին վրայ։ Ան նշեց, թէ մե­րօ­րեայ պայ­ման­նե­րով պէտք է ան­պայ­ման պահ­պա­նել այդ ար­ժէք­նե­րը։ Հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար­կիլ չի նշա­նա­կեր նոյ­նա­նալ ա­նոր հետ։ «Մենք ու­նինք մեր լե­զուն», ը­սաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, որ ընդգծեց նաեւ հա­յա­տառ մա­մու­լին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան քննա­դա­տեց նաեւ մեր մա­մու­լին նկատ­մամբ դրսե­ւո­րուած ան­տար­բե­րու­թիւ­նը։

Քա­րո­զէն վերջ շա­րու­նա­կուե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ ա­ւար­տին հա­սաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով։ Այս առ­թիւ ո­գե­կո­չուե­ցան մեր ան­դարձ բաժ­նուած ու­սուց­չա­պետ­նե­րը, ման­կա­վարժ­ներն ու կրթա­կան մշակ­նե­րը։ Վեր­յի­շուե­ցան նաեւ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի ան­ցեա­լի ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ վար­ժա­րա­նի ճա­շա­րա­նին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հայկ Աս­լա­նեան, տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն եր­կու ե­րի­տա­սարդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան հան­դէս ե­կան սրտի խօս­քե­րով։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան թա­ղի վար­ժա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն նուի­րեց Աս­տուա­ծա­շունչ­ներ։ Տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ, որ­պէս յու­շա­նուէր խաչ մը ստա­ցաւ ձե­ռամբ՝ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նի։

Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան խօս­քե­րով։

Ա­ւե­լի վերջ, ե­կե­ղեց­ւոյ խորհրդա­րա­նին մէջ կար­կան­դակ մը հատուե­ցաւ ի պա­տիւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նին եւ Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեա­նին, ո­րոնց ա­նուան տօ­նը կը զու­գա­դի­պի Սրբոց Թարգ­ման­չաց յի­շա­տա­կու­թեան։

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2015