ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ կատարուեցաւ խաղաղութեան մասնաւոր աղօթք։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ երէկ ներքին թեմերու եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ նման աղօթք մը տեղի ունեցաւ։ Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ, Ս. Գայիանէի վանքին մէջ միասնաբար աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, որպէսզի խաղաղութեան մէջ, ապահով ու անսասան պահէ Հայաստանն ու Արցախը, անառիկ՝ սահմանները, ամուր եւ քաջ՝ հայոց զօրականները։ Հաւատացեալները իրենց հայցը բարձրացուցին նաեւ վիրաւորեալներու ապաքինման, նահատակ զինուորներու եւ պատերազմի արհաւիրքներուն զոհ դարձած հայորդիներու հոգիներու հանգստութեան համար։

Խաղաղութեան աղօթքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ նաեւ իր պատգամը։ «Այսօր համախմբուած ենք միասնական աղօթքի՝ բարձրեալն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանի եւ Արցախի, մեր ժողովուրդի խաղաղութեան եւ անվտանգ ու ազատ կեանքի յարատեւութեան համար։ Անհանգստութեամբ ու տագնապով, ցաւով ու վրդովմունքով լեցուն 14 օրեր ապրեցանք, միեւնոյն ժամանակ ապրեցանք հայրենեաց պաշտպան մեր զաւակներու խիզախութեամբ ու հայրենասիրութեամբ պատմական դարձած օրեր», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ մասնաւորապէս յիշեցնելով նաեւ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը։ Սա անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութիւնը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուի՝ նպատակ ունենալով Արցախը տեսնել հայութենէ դատարկուած եւ հայոց աստուածապարգեւ հաւատքի բազում վկայութիւններէն, որոնք Արցախի հողին վրայ ամէնուրեք են՝ դարերով կառուցուած։ Արդարեւ, դարերէ ի վեր հայոց թշնամիները նոյնպէս իմացած են, թէ հաւատքը հայերը ամուր կը պահէ իրենց հողին, կը զօրացնէ յոյսով ու սիրով ապրելու, արարելու եւ յաղթելու ճանապարհին։

««Աստուած խռովութեան Աստուածը չէ, այլ խաղաղութեան», կ՚ըսէ առաքեալը։ Մեզ խաղաղութեան կոչած մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատգամներով մենք ապրած ենք մեր կեանքը եւ ձգտած ենք, որ հաստատուն ըլլայ խաղաղ գոյակցութիւնը մեզ շրջապատող երկիրներու եւ ազգերու հետ, ինչպէս որ աւետարանեցին հրեշտակները Փրկչի ծննդեան բերկրալի առիթով։ Յիրաւի, պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ մեր ընտրութիւնը խաղաղութիւնն է՝ հաստատուած ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ։ Սակայն յաճախ ստիպուած եղած ենք մարտնչելու՝ յանուն խաղաղութեան, յանուն ազատ ու անկախ ապրելու մեր արդար իրաւունքի։ Հերթական անգամ մեզի պարտադրուած այս պատերազմին մէջ մեր քաջարի զաւակները՝ որպէս խաղաղութեան մարտիկներ, կենաց եւ մահու պայքարի ելան՝ մեր հայրենիքի լուսաւոր գալիքի տեսլականով մահուան դիմաց չերկնչելով ու չերկմտելով, հերոսաբար դիմակայելով արվհաւիրքներուն ու նեղութիւններուն։ Հաւատքի ու հայրենասիրութեան անոնց օրինակը յուսավառեց ու համախմբեց մեր ամբողջ ժողովուրդը եւ պարծանքով լեցուց մեր հոգիները», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Նորօրեայ նահատակներու խնկելի յիշատակին համար խոնարհում եւ աղօթք բերելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի կողմէ ներդրուած մեծ ջանքերուն մասին՝ հրադադարի հաստատման եւ բանակցութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այդ բոլորը տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւնը կ՚ամրագրեն եւ կ՚ապահովեն Արցախի միջազգային ճանաչումը։ «Ատրպէյճանի կողմէ անընդհատ խախտուող հրադադարի լարուած եւ փխրուն իրավիճակին մէջ հայոց բանակի քաջարի մարտիկները կը շարունակեն մշտարթուն հսկել հայրենիքն ու հայրենեաց սահմանները եւ աննկուն են անոնց ոգին ու վճռականութիւնը՝ աննահանջ ու յաղթական մնալու հայրենիքն ու անկախ կեանքը պաշտպանելու սրբազան գործին մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը աղօթեց, որ թող Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ Հայաստանն ու Արցախը, իր սուրբ եւ պատուական խաչի նշանով հալածէ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիները, հայ ժողովուրդը պահպանէ չարի բոլոր փորձանքներէն, ամուր պահէ անոր յաղթական հաւատքն ու ոգին։ «Եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վեր է, թող պահէ մեր սրտերն ու մտածումները Քրիստոս Յիսուսով, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն», եզրակացուց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020