ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ տրուե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ տի­րա­մայր Ա­րաք­սի Ա­նու­շեա­նին։ Փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը։ Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ կուռ դամ­բա­նա­կան մը։ Ներ­կայ էին Հայ կա­թո­ղի­կէից վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զե­քիեան, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րա­տեան եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան։ Յա­նուն Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Տ․ Մես­րոպ Վրդ․ Սար­գի­սեան, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ տի­րա­մօր որ­դին՝ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ու­սա­նած է Ան­թի­լիա­սի մէջ։ 

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ լայն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րուե­ցաւ տի­րա­մօր վեր­ջին հրա­ժեշ­տին։ Ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը ար­տա­յայ­տե­լու փու­թա­ցած էին նաեւ Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ եւ այժ­մու փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն։ 
Լու­սա­շող տա­ճա­րին կեդ­րո­նը, մա­հա­բե­մին վրայ զե­տե­ղուած դա­գա­ղին շուրջ բո­լո­րը ա­ղօ­թե­ցին նո­րոգ հան­գու­ցեալ տի­րա­մօր հոգ­ւոյն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ի­րենց որ­դիա­կան վշտակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նին, հան­գու­ցեալ տի­րա­մօր ա­մուս­նոյն՝ Ա­րամ Ա­նու­շեա­նին եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ այս տխուր առ­թիւ ի­րենց բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին թա­ղին քա­րո­զի­չը՝ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէ­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նե­ցին տի­րա­մօր կո­րուս­տին կա­պակ­ցու­թեամբ, մինչ եր­գե­ցո­ղու­թիւն­ներն ալ կա­տա­րուե­ցան Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի։ 

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, հան­գու­ցեալ տի­րա­մօր մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ 

Այս տխուր առ­թիւ ան­գամ մը եւս մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նին, հան­գու­ցեա­լի ա­մուս­նոյն՝ Ա­րամ Ա­նու­շեա­նին եւ բո­լոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015