ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ «Փիեթէր Բազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Սուրոմի Սապոլչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։ Հիւր վերատեսուչի ընկերակիցներու շարքին էին համալսարանի Պատմութեան կաճառի տնօրէնը, Հայագիտութեան ամպիոնի վարիչը եւ վերատեսուչի խորհրդականը, որ միեւնոյն ժամանակ Հունգարիոյ Ազգային գրադարանի ընդհանուր տնօրէնն է։ Հարկ է նշել, որ հունգարական այս համալսարանի եւ Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանին միջեւ անցեալ տարուընէ ի վեր կը ծաւալուի համագործակցութիւն։
Վեհափառ Հայրապետը ուախութիւն յայտնեց հունգարական համալսարանական այս պատուիրակութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալելու բերումով։ Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ երկու հաստատութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած կապերուն՝ ընդգծելով, որ նման սերտ փոխյարաբերութիւնները աւելի մեծ թիւով ուսանողներու համար հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն մասնակցիլ համատեղ ծրագրերու եւ այդպէսով՝ կը նպաստեն փոխադարձ ճանաչողութեան ու երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան զօրացման։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս կարեւորեց Հունգարիոյ Կաթոլիկ համալսարանէն ներս հաստատուած Հայագիտական ամպիոնի առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռը պատրաստակամ է աջակցիլ այդ ամպիոնին՝ տրամադրելով անհրաժեշտ գրականութիւն։
Իր հերթին, հիւր վերատեսուչն ալ ուրախութեամբ տեղեկացուց համագործակցութեան արդիւնքին արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին, նաեւ անդրադարձաւ Հայագիտական ամպիոնի զարգացման տեսլականին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024