ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԳՀԽ-Ի ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ԿԱԶՄՈՎ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը։

Նստաշրջանի առաջին նիստը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ ԳՀԽ-ի անդամները աղօթեցին նորոգ հանգուցեալ Մեսրոպ Պատրիարքի եւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն հոգելոյս Տ. Համբարձում Վրդ. Քէշիշեանի հոգւոցն ի հանգիստ։

Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Վեհափառ Հայրապետը հայցեց, որ Տէրը առաջնորդէ ժողովականները՝ արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու ԳՀԽ-ի հերթական ժողովը։

Հնգօրեայ նստաշրջանի ընթացքին կը քննարկուին եկեղեցւոյ վարչական, կազմակերպա-իրաւական, կանոնական, կարգապահական, ընկերային բնոյթով զանազան հարցեր։ Օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման խնդիրը։ Քննարկման առարկայ կը դառնան՝ Ընտանիքի տարի հռչակուած 2019 թուականին համար նախատեսուած ձեռնարկները, Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ծրագրերը։ Ժողովին կը ներկայացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2018 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը։

Օրակարգի վրայ ընդգրկուած են նաեւ նուիրապետական աթոռներու հետ յարաբերութիւններուն, թեմերուն, հայրապետական պատուիրակութիւններուն եւ հովուական առաքելութեան վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019