ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Գումգաբուի մէջ այս առթիւ ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Մկրտեալներն էին Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու զաւակներ, որոնց թիւը կը հասնէր տասի։ Այս վերջիններուն վրայ աւելցած էր նաեւ տերսիմցի ընտանիքի մը դուստրը։
Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի ձեռամբ կատարուեցան մկրտութիւնները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Նորին Սրբազնութիւնն ալ Սրբալոյս միւռոնով դրոշմեց նոր մկրտեալները, որոնց կնքահայրն էր Սարվէն Կսսրկ. Պըչաքճը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Մայր եկեղեցւոյ լուսարարն է։
Խորհրդակատարութեան ընթացքին մկրտեալներուն ընտանիքները, մանաւանդ ծնողները ապրեցան հոգեւոր մեծ հրճուանք։ Այս մթնոլորտին մէջ քարոզեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու խօսքը ունէր խրատականի մը բնոյթը։ Ան մկրտեալներուն յորդորեց ըլլալ լաւ հայեր, լաւ քրիստոնեաներ եւ ըլլալ այնպիսի անհատներ, որոնք ծառայութիւն կը բերեն իրենց եկեղեցիին ու ժողովուրդին։ Քարոզին զուգահեռ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոքրիկ խաչեր նուիրեց նոր մկրտեալներուն։
Գումգաբուի մէջ մկրտեալներուն ծնողներն ալ Նորին Սրբազնութիւնը առարկայ դարձուցին իրենց որդիական երախտագիտական զգացումներուն։ Ընդհանուր Փոխանորդը անոնց ալ տուաւ իր օրհնութիւնը։
Խորհրդակատարութեան աւարտին, Մայր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մկրտեալներու ընտանիքիները զիրար շնորհաւորեցին եւ յատկանշական այս օրուան առթիւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։