ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Ս. Զատ­կի տօ­նին յա­ջոր­դած ե­րէ­կուան Նոր Կի­րա­կիին օ­րը նշուե­ցաւ Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­մէն տա­րի ա­ւան­դա­կան խան­դա­վառ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով կը նշուի Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Այս տա­րի եւս ա­ւան­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ։ Մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Ար­թուն Սրկ. Թէ­քի­րօղ­լու եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցաւ Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի եւ Շանթ Էօզ­պիւլ­պիւ­լի եր­գե­հո­նի նուա­գակ­ցու­թեամբ։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Ներ­կայ էին նաեւ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ւար­տին ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ սար­քուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ստեղ­ծուած որ­գե­ւոր մթնո­լոր­տը այս առ­թիւ տե­ղա­փո­խուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զը, ուր ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ, նաեւ ի­րենց գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տե­ցին Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նկատ­մամբ, որ միշտ իր ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը պա­հէ մեր այս ե­կե­ղե­ցին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2015