ՍՔԱՆՉԵԼԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ՏՕՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Քորոնաժահրի համավարակի միջավայրին մէջ տօնակատարութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութիւն չունեցան հաւատացեալները։ Նկատի ունենալով փողոց դուրս գալու համար սահմանուած արգելքը՝ որեւէ արարողութիւն տեղի չունեցաւ Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Ս. Զատկի առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մատոյց Ս. Պատարագ եւ փոխանցեց իր պատգամը համայն աշխարհի հայութեան։ Տաղաւարի հայրապետական Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ ներքեւ։ Հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ, մեր հնամենի բոլոր աւանդութիւններուն հաւատարիմ, Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց՝ առընթերակայութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի եւ վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի։ Սրբազան երգեցողութիւնը աւելի քան երբեք խոր տպաւորութիւն գործեց բոլոր հաւատացեալներուն վրայ, որոնք ուղիղ եթերի միջոցաւ հետեւեցան արարողութեան։ Եկեղեցւոյ մէջ այնքան լուռ եւ խաղաղ մթնոլորտ մը կը տիրէր, որ սփռումներու ընթացքին բարձրախօսէն նոյնիսկ ատեն-ատեն լսելի կը դառնային պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետի ծածուկ աղօթքները։

Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհացրիւ իր հօտին օրհնութիւն բաշխեց՝ Տիրոջ կենաց փայտի մասունքի խաչով, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ այս տարի դուրս բերուած էր մասնաւորապէս։ Քաղաքամայր Երեւանի հոյակերտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հնչած Ս. Զատկուան աւետիսը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»ը արձագանգեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներու սրտին մէջ, որոնք տօնական օրով մխիթարութիւն եւ սփոփանք գտան Վեհափառ Հայրապետի քաջալերական պատգամով։ Յարակից սիւնակին մէջ կը ներկայացնենք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020