ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՍՐԲԱԶԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը երէկ համալրուեցաւ երեք նոր անդամով։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ երեք նոր սրբազան ստացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի կատարուեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ մատուցուած հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութեան ձեռամբ եպիսկոպոսական աստիճանի արժանացան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի ու Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեան։ Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Ս. Էջմիածնի վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մեծահանդէս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Պատրիարք Մոր Իգնատիուս Եփրեմ Բ., ինչպէս նաեւ յիշեալ երկիրներէն միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, վերոյիշեալ թեմերէն եւ Աւստրիայէն ուխտաւորաց խումբեր։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին խարտաւիլակն էր Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։ Երգեցողութիւններու ընթացքին Մայր Տաճարի երգչախումբը ղեկավարեց Խորէն Մէյխանէճեան։
Սրբազան արարողութեան ընթացքին Հայոց Հայրապետը ընծայացուներու համար աղօթքներ ուղղեց առ Աստուած՝ հայցելով՝ «Անխոտոր եւ անսայթաք ընթանալ ի վարդապետութեան հաւատոյ եւ պատուիրանաց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ»։ «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեան ներքեւ վարդապետները ծնրադիր վեր բարձրացնելով իրենց ձեռքերը հերթական անգամ հրաժարեցան աշխարհէն։
Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան հանդիսաւոր թափօրով Ս. Խորան բարձրացուց Սրբալոյս միւռոնը, որով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոսութեան կոչեց վարդապետները, օծեց անոնց ճակատներն ու աջ ձեռքերու բութ մատները։
Յիշարժան այս օրուան առթիւ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին ներկայացուց նորաօծ եպիսկոպոսները, ապա անոնց ուղղեց իր պատգամը։
Արարողութեան աւարտին նորաօծ սրբազաններուն յանձնուեցան նաեւ իրենց եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանշանները՝ գաւազանն ու մատանին։
Հայրապետական պատգամէն վերջ ներկայ եկեղեցականները եւ քոյր եկեղեցիներու պատուիրակները, Հայոց Հովուապետի գլխաւորութեամբ՝ մօտեցան Սերովբէ, Դանիէլ եւ Տիրան սրբազաններուն, համբուրեցին անոնց աջն ու ճակատը՝ ստանալով անոնց առաջին եպիսկոպոսական «ողջոյն»ը եւ շնորհաւորեցին օծման ու ձեռնադրութեան առթիւ։ Ս. Պատարագի աւարտին եպիսկոպոսութեան կանչուելու առթիւ հաւատացեալ ժողովուրդն ալ նորընծաները շնորհաւորեց խորանին առջեւ։
Նորաօծ եպիսկոպոսները այս օրերուն կը մատուցեն իրենց ուխտի սուրբ պատարագները։