ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու հոգեւոր առաջնորդներուն հանդիպումը առիթ հանդիսացած է ընդհանուր ակնարկ մը սեւեռելու համար Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան վրայ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ երկու եկեղեցիներու համագործակցութեան։

Յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած է եռակողմանի միջեկեղեցական հանդիպում մը՝ ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։ Ուստի, երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած այս հանդիպման օրակարգի հարցերը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018