ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայց. Առաքելական եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Վարդավառը, որ տարուան հինգ տաղաւարներէն մին է։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ վրայ, ուր տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Մշոյ երբեմնի Ս. Կարապետ վանքի վերյիշումով՝ Սկիւտարի բարձունքի այս պատմական եկեղեցւոյ մէջ վերակենդանացան մեր աւանդութիւնները եւ բոլորը համակուեցան հոգեւոր հրճուանքով։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, որոնք համախմբեցին զանազան թաղերէ կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եռուզեռը զգալի էր Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Սկիւտարի նախկին հովիւներէն Տ. Բարսեղ Քհնյ. Վանլեան, որ ներկայիս հաստատուած է արտասահման, իսկ այս օրերուն հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշման, Յակոբ Սրկ. Քէսկին եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւները կատարուեցան տեղւոյն դպրաց դասու անդամներուն կողմէ, որոնց միացած էին նաեւ քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերէ անդամներ։ Երգեցողութիւնները առաջնորդեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի վարիչ Սեւան Շէնճան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր Սրբազան Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Արարողութիւններու եզրափակիչ փուլին խաղաղութեան աղաւնիներ արձակուեցան ի նշան խաղաղութեան։ Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ տօնական բարձր տրամադրութիւնը։ Բացօթեայ հաւաքոյթին նախագահեց Ընդհանուր Փոխանորդը, որու կողքին էին քահանայ հայրեր։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկին եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մարտիրոս Էնկին, որ բացատրութիւններ տուաւ թաղի պիւտճէին շուրջ եւ որդիական երախտագիտութիւն արտայայտեց Նորին Սրբազնութեան նկատմամբ։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հուսկ բանքով եւ աղօթքով։