ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ բարձրաստիճան հոգեւորական մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Նիժնի Նովկորոտի եւ Արզամասի Կէորկի Մետրապոլիտը։ Ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։
Հարկ է նշել, որ ռուս մետրապոլիտը ներկայիս ուխտագնացութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հայաստան եւ սերտ համագործակցութիւն հաստատած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հիւր մետրապոլիտը եւ անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւններուն։
Ռուս բարձրաստիճան հոգեւորականը ընդունելութեան համար յայտնեց իր երախտագիտութիւնը եւ հաւաստիացուց, թէ գտնուելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի մէջ անոնք ինքզինքնին կը զգան հարազատ մթնոլորտի մը մէջ, մօտէն կը զգան հայ ժողովուրդի հիւրընկալ ոգին ու կը հաղորդակցին բարձր հոգեւոր արժէքներու հետ։ Կէորկի Մետրապոլիտը նշեց, թէ հայ ժողովուրդի կենաց ծառը խարսխուած է Հայ Եկեղեցւոյ վրայ։
Ընդունելութեան աւարտին մետրապոլիտին ընկերակից ռուս հոգեւորականները հանդէս եկան հոգեւոր եւ ժողովրդական զանազան երգերու կատարումներով։