ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Վիքթոր Սատովնիչիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Իրեն կ՚ընկերանար Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։ Սատովնիչի Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Մոսկուայի Պետական համալսարանի մասնաճիւղի առաջին շրջանաւարտներու վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019