ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը։ Կը հաղորդուի, որ նախընթաց օր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան համար կազմակերպուած այս հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերին նաեւ Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, թեմի հոգեւորականաց դասը, ամերիկահայ ազգային գործիչներ, բարերարներ, նախկին սաղիմահայեր եւ այլ հիւրեր։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ողջոյնի խօսքով մը դիմեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ խօսեցաւ Հայ Երուսաղէմի մասին։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ կարեւորեց Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան առաքելութիւնը եւ դերակատարութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ միաբանութիւնը ոգի ի բռին եւ նախանձախնդրութեամբ տէր կը կանգնի տէրունի սրբավայրերէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքներուն։ «Հայ Երուսաղէմը իւրաքանչիւր հայորդիի հոգիի վերածննդեան վայրն է։ Մեր նախահայրերը դարեր շարունակ ուխտագնացութիւններ կատարած են դէպի Երուսաղէմ», ըսաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան տեղեկացուց, որ հիմքը կը դրուի «Սրբոց Յակոբեանց Ասպետներ» հիմնադրամին, որու միջոցները ամբողջութեամբ պիտի յատկացուին Երուսաղէմի պատրիարքութեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ու սիրալիր ընդունելութեան համար։ Նորին ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Ան յիշեցուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ հաւասար իրաւունքներ ունի թէ՛ Վատիկանի եւ թէ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կոչ ուղղեց՝ որպէսզի հայ հաւատացեալները այցելեն Երուսաղէմ, վերանորոգեն իրենց ուխտը եւ աղօթեն տէրունի սրբավայրերուն մէջ։

Հաւաքոյթի տեւողութեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ընդունելութեան մասնակիցներուն հետ, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նորին ամենապատուութիւնը մանրամասն պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն եւ ներկաներուն հրաժեշտ տուաւ՝ զանոնք Երուսաղէմի մէջ տեսնելու մաղթանքով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018