ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Նորակազմ Կրօնական ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ-պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 դեկտեմբեր 2019, հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։
Ժողովը բացուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա ձեռնարկուեցաւ դիւանի ընտրութեան։ Գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուած ընտրութիւնով դիւանը կազմուեցաւ ըստ հետեւեալի. Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ ատենապետ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ Բ. ատենապետ, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան՝ ատենադպիր, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան՝ Բ. ատենադպիր։
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը Ժողովին հաղորդեց կատարած վարչական տնօրինումները, ըստ որոնց Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան կը նշանակուէր՝ դիւանապետ-լուսարարապետ եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ պատրիարքական փոխանորդ։
Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց ժողովական հայրերուն։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
12 Դեկտեմբեր 2019
11982