ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր նախատօնակը։ Միաբանութիւնը երեկոյեան ժամերգութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ, ուր Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նախատօնակ, որուն յաջորդեց տարուայ առաջին Անդաստանի արարողութիւնը։
Այնուհետեւ «Քրիստոս Փառաց» տաղի երգեցողութեամբ Ս. Գայիանէի խորանի կանթեղէն վառուած՝ Քրիստոսը խորհրդանշող մոմը հանդիսաւորապէս տարուեցաւ դէպի մայրավանքի միաբանական շէնքի շրջափակը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այդ մոմով վառեց Տեառնընդառաջի խարոյկը՝ կենսատու լոյսը փոխանցելով նաեւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները հանդէս եկան հոգեւոր երգերու կատարումներով։
Վեհափառ Հայրապետը տարիներ առաջ Տեառնընդառաջի տօնը հռչակած էր՝ Նորապսակներու օրհնութեան օր։ Ուստի, այսօրուան Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգը։