ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Տեառնընդառաջի ժամանակ խարոյկի վրայով ցատկելը հեթանոսութի՞ւն է
Տեառնընդառաջ կը նշանակէ՝ Տիրոջ ընդառաջ, այսինքն՝ այն Աստուծոյն ընդառաջ երթալու հրաւէր է: Ի տարբերութիւն կռապաշտութեան՝ քրիստոնէութեան մէջ կրակը կը նմանցուի Սուրբ Հոգիի զօրութեան: Այն ունի զտող, մաքրագործող յատկութիւն: Խարոյկը կը վառուի եկեղեցիի կանթեղներէն վերցուած կրակով՝ դառնալով Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ: Այն որեւէ կապ չունի հեթանոսութեան հետ: Մարդիկ կը համախմբուին Լոյսի շուրջ:
Խարոյկի վրայով ցատկելը ժողովրդական աւանդութիւն է, խաղ, իսկ գուշակութիւններուն պէտք չէ հաւատալ: Աւանդոյթը ազգային մշակոյթի մաս է:
Ե՞րբ վառել կրակը
Տեառնընդառաջը Հայ Եկեղեցիի անշարժ տօներէն է։ Այն միշտ կը նշուի փետրուարի 14-ին։ Տօնը յիշատակ է 40-օրեայ Յիսուսը տաճարին ընծայելու։ Քանի որ Քրիստոս ծնած է յունուարի 6-ին, քառասուներորդ օրը փետրուարի 14-ն է։ Տօնական արարողութիւնները կը սկսին տօնի նախորդ երեկոյէն: Խարոյկները կը վառուին փետրուարի 13-ի երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ, երբ ըստ եկեղեցական կարգի, կը փոխուի օրը, կը կատարուի նախատօնակ:
Մարդիկ եկեղեցիէն լոյս կը տանին՝ իրենց տան բակին մէջ խարոյկներ վառելու։
Ի՞նչ կը պատահի, եթէ կրակի վրայով ցատկելու ընթացքին վառի հարսի զգեստի փէշը
Եթէ կրակի վրայով ցատկելու ընթացքին վառի հարսի կամ ոեւէ մէկի զգեստի փէշը՝ ընդամէնը անզգուշութիւն է: Խարոյկի վրայով թռչիլը միայն խաղ է, աւանդոյթ: Եթէ նոյնիսկ չէք ցատկեր կրակի վրայով որեւէ վատ բան չի պատահիր: Պէտք չէ հաւատալ գուշակութիւններուն: Կարեւոր է հասկնալ տօնի հոգեւոր խորհուրդը, մասնակցիլ Ս. Պատարագին ու երթալ Տիրոջ ընդառաջ:
Եթէ ամուսնացած չենք, կրնա՞նք տօնել Տեառնընդառաջը
Տեառնընդառաջը նորապսակներու օրհնութեան օր է: Փետրուարի 14-ի առաւօտեան կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին կը կատարուի նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Տօնը, սակայն, կը նշեն բոլոր քրիստոնեաները՝ զիրար շնորհաւորելով, խարոյկ վառելով, մասնակցելով Սուրբ Պատարագին, անկախ այն հանգամանքէն՝ ընտանիքին մէջ ունին նորապսակներ, թէ ոչ։
Տեառնընդառաջը նորապսակներո՞ւ, թէ՞ նշանուածներու համար է հարցին պէտք է նայիլ ոչ թէ հոգեւոր խորհուրդի, այլ ժողովրդական աւանդոյթի տեսանկիւնէն: Այս տեսանկիւնէն Տեառնընդառաջի տօնը կը վերաբերի միայն նոր ամուսնացածներուն եւ ոչ թէ նշանուածներուն:
Ըստ ժողովրդական աւանդութեան՝ Տեառնընդառաջի օրը խնամիները պարտադիր փոխայցելութիւններ կը կատարէին, նորահարս ունեցող ընտանիքին կ՚այցելէին հարսի հարազատները: Որպէս կանոն, խարոյկի դէզը կը պատրաստէին նորափեսաները։
Տեառնընդառաջի տօնին էր, որ նորափեսան պսակէն յետոյ առաջին անգամ կը հանդիպէր աներոջը: Այդ պատճառով ժողովրդական աւանդութեան մէջ Տեառնընդառաջը ընկալուած է որպէս փեսայի՝ աներոջ տուն այցելելու թապուն վերացնելու հիմնական առիթ: Նախկին շրջաններուն նորապսակ երիտասարդները իրաւունք չունէին հարսի ծնողներու եւ յատկապէս աներոջը հանդիպիլ: Տեառնընդառաջի տօնով վերացած է այդ արգելքը, եւ երիտասարդները իրաւունք ստացած են այցելել ծնողներու տուն: Այս է պատճառը, որ Տեառնընդառաջը, ժողովրդական աւանդոյթի համաձայն, կը վերաբերի նորապսակներուն, ոչ թէ նշանուածներուն:
Եկեղեցական
- 11/26/2024