Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան նշանակուեցաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ու քարոզիչ։ Ան փետրուարի 1-ի դրութեամբ ձեռնարկեց իր նոր պաշտօնին՝ հոգեւոր վերին իշխանութեան տնօրինութեան զուգահեռ։ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան փետրուարի 4-ին ալ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը նշանակումէն վերջ։

Արարողութիւններու աւարտին, ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի կողմէ գլխաւորուած Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմօրէն շրջապատեց հայր սուրբը՝ մաղթելով բարի ու արդիւնաւոր ծառայութիւն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024