Տ. ԲԱԳՐԱՏ ՎՐԴ. ՊՈՒՐՃԷՔԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԱՆՑՆԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ուխտի միաբաններէն Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի պաշտօնավարել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Մարտի 16-ի դրութեամբ պիտի սկսի իր ծառայութիւնը։ Այս կարգադրութիւնը կատարուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հաւանութեամբ եւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։
Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան, որ Երուսաղէմի Միաբանական ընդհանուր ժողովի դիւանի ատենապետն է, անցեալ տարի Փետրուարին Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի շրջանին այցելած էր Արեւմտեան Թեմ, ուր պատարագած էր Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եւ Լաս Վեկասի եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդարանի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ յառաջիկային վերջնականօրէն պիտի յստակեցուի Հայր Սուրբի պաշտօնավարութեան ուղղութիւնը եւ պիտի կատարուին համապատասխան հրապարակումներ։
Տ. Բագրատ Վրդ. Պերճէքեան ծնած է 1970-ին, Լիբանան: Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանէն եւ ընծայարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1991-ին Երուսաղէմի հայոց նախորդ պատրիարք՝ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի ձեռամբ ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ: Վանքէն ներս վարած է զանազան պաշտօններ, ինչպէս՝ տեսուչ՝ Կալուածոց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Բ. ատենապետ՝ Տնօրէն ժողովի, անդամ՝ Կրօնական ատեանի, Նոր Կտակարանի ուսուցիչ՝ Երուսաղէմի Ժառանագաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի, խմբագիր՝ «Կանթեղ» ամսաթերթիկի, տեսուչ՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի:
Հայր Սուրբը ունի համալսարանական բարձրագոյն ուսում: Իսկ ներկայիս տոքթորականը կը կատարէ Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի Միջին-արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին մօտ: Ցարդ կատարած է չորս հրատարակութիւններ: Բացի հայերէնէն, կը տիրապետէ անգլերէն, արաբերէն, եբրայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն: