ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԶԱՐԵՀ Ծ. ՎՐԴ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան երէկ առաւօտ ի Տէր հանգաւ Պուքրէշի մէջ։ 76 տարեկան հասակին վախճանեցաւ բազմավաստակ հոգեւորականը, որ 1941 թուականին ծնած էր Պուքրէշի մէջ ու երկար տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմէն ներս։ Վաստակաշատ հայր սուրբի վախճանը մեծ ցաւ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համար։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս կը սգան բարեյիշատակ վարդապետին մահը։ Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլի 19-ին տեղի պիտի ունենայ նորոգ վախճանեալ հայր սուրբին վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգը։
Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան Պուքրէշի հայկական վարժարանին մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ վերջ յաճախած էր Երեւանի մանկավարժական ուսումնարանը։ Աւարտած էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը։ Ռումանահայոց Թեմէն ներս շուրջ երեք տասնամեակ եղած էր առաջնորդական փոխանորդ։
Վախճանեալ հայր սուրբը հեղինակած էր բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, արժանացած էր զանազան մրցականերու։
Հոգելոյս հայր սուրբը 1963-ին սարկաւագ ձեռնադրուած էր՝ ձեռամբ Տ. Հայկազուն Արք. Աբրահամեանի։ Երկու տարի վերջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր՝ ձեռամբ Տ. Ասողիկ Եպսկ. Ղազարեանի։ Ուսանած էր նաեւ Պուքրէշի Աստուածաբանական ակադեմիոյ մէջ։
Երկար տարիներ եղած էր նաեւ Պուքրէշի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024