ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս նախընթաց օր նշուեցաւ յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առաջին տարեդարձին առթիւ գոհաբանական աղօթք մը տեղի ունեցաւ Քէօլնի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ տաճար առաջնորդուեցաւ նորին սրբազնութիւնը, որու հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան կանոնական ժամերգութիւն։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թեմական խորհուրդի անդամներ, Գերմանահայոց թեմի հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ, Քէօլնի շրջանէն վարչայիններ եւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան ընթացքին Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան եւ Քէօլնի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Վահրիճ Քահանայ։ Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնն ալ խօսք ուղղեց ներկաներուն, որ նաեւ ուղիղ հեռարձակումով սփռուեցաւ։ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան այս առթիւ անդրադարձաւ եպիսկոպոսի ուսերուն դրուած նուիրական եւ պատասխանատու առաքելութեան եւ պարտականութիւններուն։ «Ծառայութիւն է եպիսկոպոսութիւնը. ծառայութիւն՝ Աստուծոյ եւ եկեղեցիի, որ հաւատացեալներու բազմութիւնն է միութեան մէջ։ Յիսուս առաքեալները եւ մեզ՝ եպիսկոպոսները կը կանչէ հոգեւոր առաջնորդութեան, որ կ՚իրագործուի համբերատար, խոնարհ, հաստատակամ, անձնուէր ծառայութեան միջոցաւ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց նաեւ համայնքէ ներս միասնականութեան կարեւորութիւնը։ «Իր ոճն ու հրաւէրն է՝ եկէ՛ք գործենք միասին։ Միասին գործել չի նշանակեր նոյնանման մտածել ու տարակարծութիւններ չունենալ, այլեւ՝ կը նշանակէ փոխադարձ յարգանքով ու վստահութեամբ խօսիլ, քննարկել, բանավիճիլ ու գտնել ընդհանուր լուծումներ։ Բայց երբեք չմոռնանք, որ պէտք է փնտռենք եւ ընտրենք ո՛չ թէ մեր կամքն ու ճանապարհը, այլ՝ փորձենք գտնել Տիրոջ կամքով Աստուծոյ, եկեղեցիին ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ծառայելու ճանապարհը», շարունակեց ան։

Քէօլնի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, արարողութեան աւարտին Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս խնձորի ծառ մը տնկեց՝ իր եպիսկոպոսացման առաջին տարեդարձին առթիւ։ Ան աղօթեց ու մաղթեց, որ այդ խնձորենին աճի եւ անուշ պտուղներ տայ։ Ապա Քէօլնի Ծխական խորհուրդի վարչութեան կազմակերպութեամբ Հայ տան սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ նեղ շրջանակի համար նախատեսուած ընդունելութիւն մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020