ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Նշխար­հաց Գիւ­տի տօ­նին եւ Գնա­լը կղզիի ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տի օ­րուան առ­թիւ, շաբաթավերջին, տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ս. Գրի­գոր Լուսա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց մաս­նա­կցե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, քա­հա­նա­յից դա­սու ան­դամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։

Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան, Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ եւ Մու­րատ Ուր. Դպ.­ Խա­չի­կօղ­լու։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի։

Նախքան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը, հան­դի­սա­պետ Սրբա­զան Հայ­րը քա­րո­զեց. «Ճա­շա­կե­ցէ՛ք, եւ տե­սէք՝ թէ ի՜նչ­քան քաղցր է Տէ­րը» բնա­բա­նով։ Սրբա­զան Հայ­րը յի­շե­ցուց, թէ քաղց­րու­թիւ­նը տես­նե­լու հա­մար նախ պէտք է ճա­շա­կել։ Իսկ քաղց­րու­թիւ­նը ան­ծա­նօթ է այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք չեն ճա­շա­կած անկէ։ Մտա­ծե­լու հա­մար լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը սուր­բերն են։ Ա­նոնց կեան­քե­րուն երբ կը նա­յինք՝ կը տես­նենք, թէ ա­նոնք ճա­շա­կած են բան մը, որ շա­տե­րուն ա­նի­մաստ եւ կամ ա­նօ­գուտ կը թուի։ Ճգնա­ւոր­ներ ին­չո՞ւ ճգնած էին քա­րայր­նե­րու մէջ։ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ինչ­պէ՞ս խոր վի­րա­պի մէջ տա­րի­ներ շա­րու­նակ համ­բե­րու­թեամբ ապ­րած էր։ Այս բո­լո­րին պա­տաս­խա­նը կը տես­նուի Սաղ­մո­սի տո­ղե­րուն մէջ. Ա­նոնք ճա­շա­կած էին ճշմա­րիտ Աս­տուծ­մէ եւ տե­սած էին թէ որ­քա՜ն քաղցր է Տէ­րը։ Որ­քա՜ն ճշմա­րիտ են Իր խոս­տում­նե­րը եւ որ­քա՜ն հա­ճե­լի է Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լել ան­հա­տա­կան ու հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ։ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի տօ­նին բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը կան­չուին, հա­յոց երկ­րորդ Լու­սա­ւոր­չի հա­ւատ­քին հե­տե­ւե­լու. ճա­շա­կե­լու Աս­տու­ծոյ խօս­քը եւ ըն­դու­նե­լու Աս­տու­ծոյ քաղց­րա­համ ներ­կա­յու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քե­րէն ներս։

Սրբա­զան Հայ­րը, յի­շե­ցուց նաեւ Գնա­լը կղզիի ի­մաս­տը, ներ­կայ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Կղզին իր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցիով, պար­տա­կա­նու­թիւն կը հա­մա­րէր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րչի հա­ւա­տոյ զա­ւակ­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նիին ներ­քեւ հա­մախմ­բե­լ։ Այս մթնո­լոր­տի մէջ ա­շա­կեր­տած, ա­ճած եւ սնած էին շա­տեր, ո­րոնք ա­պա­գա­յին դար­ձած էին հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­ներ։ Մաղ­թեց որ, սոյն ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կէ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ու գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ շէնց­նեն ի­րենց ե­կե­ղե­ցին, ա­ռա­տա­նա­լով աս­տուա­ծա­յին օրհ­նու­թեանց մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ կղզեբ­նակ ժո­ղո­վուր­դին։ Իր խօս­քե­րու ա­ւար­տին ա­ղօ­թեց, որ­պէս­զի ա­ւե­լի շա­տեր ճա­շա­կեն Տի­րոջ­մէ եւ տես­նեն Իր քաղ­ցրու­թիւ­նը։

Ա­րա­րո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կող­մէ պատ­րաս­տուած սի­րոյ սե­ղա­նին շուրջ հա­ւա­ք-ւե­ցան ներ­կա­ներ ու բաժ­նե­կից ե­ղան տօ­նա­կան ու­րա­խու­թեան։

Իսկ, Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, եկե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօնխմ­բու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի։ Կղզեբ­նակ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը հո­գե­ւոր ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցաւ տօ­նախմ­բու­թեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ խո­րա­նին առ­ջեւ խո­նար­հե­լով բա­րե­խօ­սու­թեա­նը դի­մեց մեր հա­ւատ­քի Հօր։

Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան եւ Ա­րեգ Ուր. Դպ. Թաշ­ճեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լու­թի ա­ռաջ­նո­րու­թեամբ՝ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կող­մէ։ Ե­կե­ղե­ցի փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի միա­տեղ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի ո­գե­ւո­րեց տօ­նա­կան մթնո­լոր­տը։

Նախքան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը, հան­դի­սա­պետ Սրբա­զան Հայ­րը ա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց բա­ցատ­րե­լով օ­րուան Ս. Գրա­յին ըն­թեր­ցու­մը։ Քրիս­տո­սի ընդ­դի­մա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, աս­տուա­ծա­յին ան­հա­մար հրաշք­նե­րը ան­տե­սե­լով ան­դա­դար երկ­նա­յին հրաշք­ներ կը պա­հան­ջէին, որ­պէս­զի Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­յին։ Հի­ւանդ­նե­րու բժշկու­թիւ­նը, դե­ւե­րու ջախ­ջա­խու­մը եւ տա­կա­ւին ու­րիշ օ­րի­նակ­նե­րով Քրիս­տոս կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէր, թէ ինք աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թեամբ օժ­տուած էր։ Բայց իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը եր­բեք չէին հա­մա­կեր­պեր Քրիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեան։ Ա­նոնք դա­տար­կա­ցած խօս­քե­րով կը քննա­դա­տէին Քրիս­տո­սը եւ միշտ յաղթուած կը հե­ռա­նա­յին։ Այ­նու­հե­տեւ, Սրբա­զան Հայ­րը յի­շե­ցուց, թէ իւ­րա­քան­չիւր դա­տարկ խօսք իր պա­տի­ժը ու­նի յաչս Աս­տու­ծոյ։ Ներ­կա­յիս ալ մար­դիկ ան­բա­ւա­րարուե­լով ան­ձե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րէն, եր­բեմն դա­տար­կա­ցած խօս­քե­րով կը քննա­դա­տէին զա­նոնք։ Հա­մայն­քա­յին կեան­քի մէջ եւս օ­րի­նակ­ներ կա­րե­լի է գտնել։ Թա­ղա­յին խորդ­հուրդ մը երբ իր պար­տա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ կը ծա­ռա­յէ եւ ան­ձինք երկ­նա­յին հրաշք­ներ կը պա­հան­ջեն ի­րենց­մէ, մո­գա­կան սրին­գի հրաշք­ներ կը պա­հան­ջեն, այս մէ­կը կը դառ­նայ դա­տարկ խօ­սակ­ցու­թիւն։ Ու­րեմն քննա­դա­տու­թիւն­ներ եւ յան­դի­մա­նու­թիւն­ներ այս ուղ­ղու­թեամբ պէտք է ըլ­լան։ Քրիս­տո­սի հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը եր­բեք չյա­ջո­ղե­ցան ի­րենց այդ կե­ցուած­քով եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ կը հրա­ւի­րուին այս սխալ կե­ցուած­քէն դա­սեր քա­ղե­լու։ Աշ­խար­հի վրայ չկայ մէ­կը, որ կա­տա­րեալ ըլ­լայ, այ­նու­հե­տեւ ձա­խո­ղանք­ներ ան­պայ­ման կը պա­տա­հին եւ քննա­դա­տու­թիւն­ներ ծնունդ կ՚առ­նեն։ Ո­մանք ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար, ո­մանք դպրո­ցի հա­մար, ո­մանք սա­նուց միու­թեան հա­մար, ո­մանք դպրաց դա­սու հա­մար, երբ փոքր թէ մեծ ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նեն, բո­լորս պէտք է նկա­տի ու­նե­նանք այդ սկզբուն­քը։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ վախ­ճա­նեալ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն, հիմ­նա­դիր­նե­րուն, բա­րե­րար­նե­րուն, սա­տա­րող­նե­րուն եւ Իշ­խա­նաց կղզի­նե­րու հան­գու­ցեալ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Ա­րա­րո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, Սրբա­զան Հայ­րը հիւ­րա­սի­րուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ։ Ներ­կա­ներ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ շաբաթավերջին Կի­րա­կի Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տօ­նա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծուած էր։ Այս տա­րի, զու­գա­դի­պու­թեամբ մը ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը հան­դի­պած էր դպրոց­նե­րու փակ­ման թուա­կա­նէն ա­ռաջ։ Հա­կա­ռակ ա­սոր, կղզեբնակ կո­կիկ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցու­թեամբ վա­յե­լե­ցին տօ­նա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը։ Սրբա­զան Հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կա­տա­րած պատ­րաս­տու­թեանց հա­մար եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016