ՀԱՒԱՏՔԻ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէմ օրակարգի վրայ բերուած ծայրայեղ պահանջներուն։ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» լոզունգով ճանապարհ դուրս եկած խումբ մը անձեր, աշխարհական եւ հոգեւորական, քանի մը շաբաթէ ի վեր հանդէս կու գան բողոքի գործողութիւններով։ Այս բոլորին կապակցութեամբ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դիւանապետը հանդէս եկաւ հետեւեալ արտայայտութիւններով.

«Նախ ըսեմ, որ եկեղեցականներուս համար մշտապէս ուրախալի է եկեղեցւոյ պա-րագային դրսեւորուած որեւէ հետաքրքրութիւն։ Մենք նաեւ սա կը դիտարկենք որպէս հնարաւորութիւն՝ հաւատացեալները իրազեկելու մեր եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին եւ առհասարակ, եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը մեր պատմութեան մէջ: Բայց մեզի համար տարօրինակ է, որ այդ հետաքրքրութիւնը ձեռք կը բերէ այնպիսի տեսք մը, որ թէ՛ մեր եկեղեցականներուն եւ թէ մեր հաւատացեալներու, նաեւ բոլոր անոնց կողմէ, որոնք կը հասկնան ու կը գնահատեն եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ անընդունելի կը նկատուի: Վերջին այդպիսի դէպքը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ, ես անձամբ ներկայ էի հոն եւ առիթ ունեցած եմ հանդիպելու այդ անձերուն հետ, որոնց մէջ թէ՛ եկեղեցականներ կան, թէ՛ հաւատացեալներ կան։ Բացարձակ չեմ բաժներ այն ոճը, որով անոնք կ՚արտայայտուին:

«Ես կը հասկնամ քննադատութիւնները, կը հասկնամ խնդիրներու մատնանշումը, բայց ինծի համար անհասկնալի է ատելութեան, թշնամութեան այն քարոզը, որ կը զուգորդուի այդ մտահոգութիւններուն:

«Ինչպէ՞ս կարելի է վարկաբեկել ամենայն հայոց կաթողիկոսները, ոչ միայն Գարեգին Բ.-ը, այլեւ՝ Վազգէն Ա.-ը, Գարեգին Ա.-ը։ Չէ՞ որ անոնց օրհնած միւռոնով բազմաթիւ հաւատացեալներ մկրտուած են, եկեղեցականներ օծուած են, եկեղեցիներ օրհնուած են: Այս ամէնը չափազանց մտահոգիչ է եւ դատապարտելի: Ինչպէ՞ս կրնայ հայ մարդը ոտնձգութիւն կատարել եկեղեցւոյ դէմ: Նոյնիսկ նախաքրիստոնէական շրջանին սրբավայրերը, պաշտամունքի վայրերը ապաստանարաններ եղած են, յանցագործը նոյնիսկ պաշտպանուած եղած է այդ վայրերուն մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է տագնապ յառաջացնել այն հաւատացեալներու մէջ, որոնք այսօր եկեղեցի կու գան իրենց անհանգստութիւնները փարատելու, իրենց հոգեկան անդորրը գտնելու: Ո՞վ կ՚ուրախացնենք. մեր հակառակորդնե՞րը, մեր թշնամինե՞րը:

«Ես կ՚ուզեմ շատ կտրուկ յայտարարել, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տարանջատումը Հայ Եկեղեցիէն՝ ո՛չ միայն անթոյլատրելի է, այլեւ՝ անհեթեթ։ Անհնար է հարուածել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ առանց հարուածած ըլլալու ոեւէ եկեղեցականը, ոեւէ հաւատացեալը: Մենք պէտք է զերծ մնանք քաղաքական գործընթացներու ժամանակ գործածուած բառապաշարը եկեղեցական կեանք ներմուծելէ: Ի՞նչ կը նշանակէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւնը անուանել ապօրինի: Այս բոլորը քաղաքական բառապաշարին բնորոշ արտայայտութիւններ են, մենք զերծ պէտք է մնանք իրաւական, քաղաքական բառերու գործածումէն: Եկեղեցւոյ մէջ պէտք է գործէ աստուածաբանականը, հոգեւորը եւ կանոնականը»:

Նորին սրբազնութիւնը մանրամասնեց նաեւ, թէ ցուցարարներու հետ ո՞ր հարցերու շուրջ համակարծիք է եւ ո՞ր հարցերու շուրջ տարակարծիք։ Այս կապակցութեամբ ան շարունակեց. «Ես միանշանակ յայտարարած եմ, որ ես ալ, այո, կը տեսնեմ, որ եկեղեցւոյ մէջ խնդիրները բազմազան են: Օրինակ, հասարակութեան մէջ կայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան գնահատման հարց: Անշուշտ, մենք զանազան պատճառներով չունինք հնարաւորութիւն հասնելու բոլոր հաւատացեալներու կարիքներուն: Երկրորդը՝ մենք բաւարար չափով չէ, որ կ՚իրազեկենք, կը լուսաբանենք մեր գործունէութիւնը եւ հասարակութեան մէջ որոշ անտեղեակ վիճակ մը կայ: Երրորդը՝ եկեղեցականներու կենսապահովման խնդիրը կայ այսօր։ Շատ-շատեր հաւանաբար կը կարծեն, թէ եկեղեցականները կ՚ապրին բաւական բարեկեցիկ կեանքով մը: Բայց մենք շրջաններու մէջ ունինք եկեղեցականներ, որոնք ընդհանրապէս օրուայ հաց հայթայթելու դժուարութիւն ունին: Մենք ունինք բազմաթիւ խնդիրներ՝ եկեղեցականներ պատրաստելու գործին մէջ: Ատոր վկայութիւններէն մէկը այն է, որ մեր եկեղեցւոյ շարքերուն մէջ կրնայ ծնունդ առնել հոգեւորական մը, որ կրնայ կաթողիկոսը սատանայ անուանել, վիրաւորել հաւատացեալներու հոգեւոր զգացումները: Ասոնք խնդիրներ են: Այո, ես համաձայն եմ այսպիսի խնդիրներ պարունակող որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու: Բայց այդ խնդիրները լուծելու ճանապարհը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ամբողջ եկեղեցականութեան, ամբողջ հաւատացեալներու վարկաբեկումը չէ, թշնամութեան եւ ատելութեան քարոզը չէ: Ա՞յս է եկեղեցականի առաքելութիւնը: Այսպէս ո՞ւր կը տանինք մենք մեր ժողովուրդը, ի՞նչ կը յառաջացնենք մեր ժողովուրդի հոգւոյն մէջ: Եթէ եկեղեցականը կը յայտարարէ, որ ինք բարեպաշտ է, աղօթող է, բայց կը քարոզէ թշնամութիւն, ես կը կասկածիմ, թէ ինք ճիշդ ուղղութեամբ աղօթած է: Բոլորս ալ, այդ կարգին՝ ես ալ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ, սայթաքումներ կ՚ունենանք, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ այդ սայթաքումները պէտք է պատրուակ դառնան՝ սեփական սանձարձակութիւնները ցոյց տալու համար:

«Անաչառ ըլլանք՝ խնդիրները մեր եկեղեցւոյ մէջ կուտակուած են հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր եւ անարդար է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն հրատապ պահանջել բոլոր խնդիրներու անմիջապէս լուծումը: Անոնք բոլորի համար մտահոգութիւն են։ Ինչպէ՞ս կարելի է կասկածի տակ առնել, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այդ հարցերով մտահոգ չէ:

«Ինչպէ՞ս կարելի է խաչը վերցնել ձեռքը եւ հաւատացեալները անուանել սատանայ։ Հաւանաբար տեսած էք, որ ես փորձած եմ խաչը վերցնել անոնց ձեռքէն: Չեմ գիտեր՝ ճիշդ վարուա՞ծ եմ, թէ ոչ, բայց առաջին զգացումս այն էր, թէ մարդը, որ ատելութիւն կը սերմանէ, իրաւունք չունի խաչի անունով հանդէս գալ: Խաչը չի կրնար պախարակումի, մեղադրանքի խորհրդանշան հանդիսանալ: Հոգեւորականը չունի այդ իրաւունքը։ Ան հանգստութիւն պիտի բերէ ժողովուրդին, ոչ թէ այսքան դժուարութիւններու մէջ գտնուող մարդիկը կրկին ենթարկէ փորձութեան: Եկեղեցւոյ մէջ բարեփոխումները բռնաճնշումներու, սպառնալիքի ճանապարհով չէ, որ պիտի կատարուին»:

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ լոյս տեսած են զանազան պնդումներ, ըստ որոնց այս բոլորի ետեւը կանգնած են կարգ մը մարդիկ, նոյնիսկ շարք մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք կը հրահրեն դէպքերը։ Այս կապակցութեամբ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան յայտարարեց. «Ես կը կարծեմ, որ մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները եթէ ունին խնդիրներ, անոնք թէ՛ քաջութիւնը ունին եւ թէ բաւարար պատասխանատուութիւն՝  խնդիրներու վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները անձամբ բարձրաձայնելու: Եւ եղած են այդպիսի բարձրաձայնումներ, մեր զանազան հանդիպումներու ժամանակ խնդրոյ առարկայ դարձած են բազում հարցեր: Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ եկեղեցական կրնայ ներգրաւուած ըլլալ գործընթացի մը մէջ, ուր ակնյայտ թշնամութիւն կայ»:

Պատասխանելով եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութեան բարձրացման նպատակով աշխատանքներուն՝ նորին սրբազնութիւնը մատնանշած է. «Այս հարցերու շուրջ քննարկումներ եղած են եւ հարցերու մեծ մասը բարձրացուած է նոյնինքն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ: Այո, մենք ունինք կառավարման գործառոյթներու իրականացման շրջանակի մէջ խնդիրներ: Այդ առումով բազում հանդիպումներ եղած են քահանաներու, զանազան հոգեւորականներու, թեմերու առաջնորդներու հետ՝ քննարկուած են նաեւ անոնց մօտեցումները: Համակարգային փոփոխութիւնները չեն կրնար մէկ-երկու օրուայ մէջ կատարուիլ: Մանաւանդ հիմա, չենք կրնար հապճեպ փոփոխութիւններ կատարել, առաւել եւս, որ այդ հարցերը դրուած են այսպիսի մարդոց կողմէ՝ կամայականօրէն եւ այսպիսի անընդունելի եղանակներով»:

Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ներկայ շարժումը մեծ թափ մը ստանայ։ Ի պատասխան այս հարցման՝ դիւանապետը յայտնած է հետեւեալը. «Ես կը վստահիմ եւ կ՚ապաւինիմ մեր հաւատացեալներու առողջ եւ ողջախոհ զգացումներուն: Հաւատքը ինքնին զգացում է, բայց զգացումն ալ իր մէջ ունի բանական տարրեր եւ ես վստահ եմ, թէ մեր ժողովուրդի այդ հաւատքի տարրը աւելի ուժեղ է, քան՝ կիրքը, որ ուղղուած է ընդամէնը անձի դէմ ատելութիւն սերմանելու: Ես վստահ եմ, թէ մեր հանրութիւնը ունի այն առողջ գիտակցութիւնը, որ եթէ մենք կ՚ուզենք բան մը փոխել, ապա այդ մէկը կ՚ընենք նոյնինքն մենք»։

(Սղագրեց՝ Անուշ Թրուանց, Երեւան)

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻ ՏՕՆԸ

Այս շաբաթավերջին, 16 Յունիս Շաբաթ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնը։ Տարիներ առաջ այս տօնը հռչակուած է Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ուխտի օր։

Այս առթիւ օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, հաւատացելոց երկրպագութեան եւ օրհնութեան համար Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պիտի տարուին հայոց հաւատքի հօր այն մասունքները, որոնք կը պահուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աւանդատուն-թանգարանին մէջ։

Տօնին առթիւ համանուն եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018