Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Անթիլիաս։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուելիք միւռոնօրհնութեան արարողութեան պիտի մասնակցի Նորին Սրբազնութիւնը։ Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ընդհանուր Փոխանորդի ընկերակիցներու շարքին պիտի գտնուին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այս ուղեւորութիւնը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ այն առումով, որ Անթիլիասի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ այս շրջանին կ՚ապրուին լռելեայն տարաձայնութիւններ։ Երկու աթոռներն ալ ցարդ չեն փափաքած պաշտօնական գետնի վրայ բարձրաձայնել այդ մասին, սակայն Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով Կիլիկեան Աթոռին կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը վերապահութեամբ ընկալուած է Պոլսոյ Աթոռին կողմէ։ Պատրիարքարանը մասնաւորապէս անհանգստացած ըլլալ կը թուի այն հանգամանքին բերումով, որ այդ դիմումը կատարելու ժամանակ Անթիլիաս բացարձակապէս կապ չէ պահած իրեն հետ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տեսակցութիւնը կրնայ առիթ հանդիսանալ սոյն խնդիրները շօշափելու։