Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ մատուցուած տաղաւարի Ս. Պատարագին մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին նաեւ իր պատգամին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ հոգեւոր բացառիկ ուրախութեան առիթ հանդիսացաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ օրհնուած խաղողի ողկոյզները աւելի վերջ բաժնուեցան ժողովուրդին։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներն ու յարակից մարմիններու պատասխանատուներն ալ ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին եւ բարեմաղթանքներ փոխանցեցին հաւատացեալ ժողովուրդին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023