Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթ առաւօտ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին առթիւ պատարագեց Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած դրական աւանդութիւն մըն է, որու շնորհիւ մեր համայնքի կղզեբնակ անդամները հնարաւորութիւն կ՚ունենան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն զատ՝ իրենց գտնուած կղզիներուն մէջ հայածէս Ս. Պատարագին մասնակցելու։ Արարողութեան ընթացքին երգեցողութիւնները կատարուեցան կղզեբնակ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագէն վերջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ կատարուեցաւ նաեւ խաղողօրհնէք։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ Մեծ կղզիէն եւ այլ կղզիներէն արարողութեան մասնակցած հաւատացեալները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ համախմբուեցան հայր սուրբին հետ, որուն օրհնութիւնը ստացան տաղաւարի առթիւ։ Բոլորը իրարու հետ ալ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։