ԽԱ­ՉԻՆ ԶՕ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Խաչանիշը՝ Քրիստոսի կնիքը կը դրոշմէ անոր վրայ, որ Իրեն պիտի պատկանի, ան նաեւ կը նշանակէ փրկութեան այն շնորհքը՝ զոր Քրիստոս մեզի համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։

Նոր Ուխտին խորանը՝ Տիրոջ Խաչն է, որմէ կը բխին զատկական խորհուրդին սուրբ խորհուրդները։ Եկեղեցւոյ կեդրոնը հանդիսացող խորանին վրայ Խաչին զոհաբերումը ներկայ կացուցուած է խորհրդենական նշաններով։ Ան միանգամայն Տիրոջ Սեղանն է, դէպի ուր Աստուծոյ ժողովուրդը հրաւիրուած եւ հաւաքուած է։ Խորանը նաեւ խորհրդանիշն է «Գերեզման»ին՝ ուր Քրիստոս ճշմարտապէս մեռաւ եւ ճշմարտապէ՛ս յարեաւ։

Արդարեւ, Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ եւ ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք մտնելու համար «Իր փառքին մէջ». (ՂՈՒԿ. ԻԴ 26), պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։

Ուստի, քրիստոնեան պէտք չէ միայն իրենց պահէ հաւատքը եւ ապրի զայն, այլ նաեւ դաւանի զայն, վկայէ անոր վստահութեամբ։ Պէտք է պատրա՛ստ ըլլայ դաւանելու Քրիստոսը մարդոց առջեւ եւ հետեւելու Անոր՝ Խաչի ճանապարհին վրայ՝ հալածանքներու ընդմէջէն, զանազան նեղութիւններու եւ դժուարութիւնները քաջաբար դիմադրելով՝ որոնք երբեք չեն պակսիր այս աշխարհի վրայ. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Արդարեւ, կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ.

«Ան որ կը բարձրանայ, երբեք չի դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ, անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբեք չի դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ»։

Ամէն օր առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսի՝ ամենէն ապահով ուղին է երանութեան։

Արդարեւ, առօրեայ կեանքին մէջ հոգեփոխումը կը կատարուի հաշտութեամբ, աղքատներուն հոգածութեամբ, արդարութեան եւ իրաւունքին գործադրութեամբ եւ պաշտպանութեամբ. ուրիշներու դէմ գործուած յանցանքներուն զղջումով եւ խոստովանութեամբ, մարդասիրական խրատներով, կեանքին վերատեսութեամբ, խղճին քննութեամբ, հոգեւոր առաջնորդութեամբ, չարչարանքներու եւ նեղութիւններու մէջ համբերութեամբ, արդարութեան եւ սրբութեան՝ ճշմարտութեան համար կրած հալածանքին քաջութեամբ տոկալով։ Եւ այս բոլորը կը գտնուին Խաչին ճանապարհին վրայ՝ Քրիստոսի հովանաւորութեան ներքեւ։

Ուստի, պէ՛տք է մանաւանդ համբերատար նուիրումը եւ ընկալումը խաչին, զոր կրելու ենք։ Քրիստոսի հետեւելով՝ իրենց անձէն հրաժարելով, իրենց Խաչը առնելով է որ քրիստոնեաները պիտի կարենան կեանքի սկզբնական իմաստը եւ նպատակը հասկնալ եւ ապրիլ զայն՝ Քրիստոսի հոգատարութեամբ եւ խնամատարութեամբ։

Քրիստոնեայ կեանքին այս շնորհքը պտո՛ւղն է Քրիստոսի Խաչին, ակնաղբիւրը քրիստոնեայ ամէն կեանքի։

Ինչպէս որ Աստուած անցեալին՝ Իր ժողովուրդին հետ սիրոյ եւ հաւատարմութեան ուխտի մը նախաձեռնութիւնը առաւ, այնպէս ալ հիմա, կը մնայ անոնց հետ, անոնց ուժը եւ զօրութիւնը կու տայ իրենց Խաչը շալկած Իրեն հետեւելու, իրենց անկումներէն վերականգնելու, իրարու փոխադարձաբար ներելու, իրարու օգնելու՝ իրարու բեռը կրելու, «իրարու հնազանդելու Քրիստոսի երկիւղով». (ԵՓԵՍ. Ե 21) եւ զիրար սիրելու գերբնական գողտր եւ բեղմնաւոր  սիրով։ «Եթէ մէկը ուզէ Իմ ետեւէս գալ, թող ուրանայ ինքզինք եւ իր խաչն առած Իմ ետեւէս գայ». (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24)։

Ամէնօրեայ աշխատանքի մէջ ալ Խաչին զօրութիւնը աջակից կ՚ըլլայ մարդուն։ Մարդկային աշխատանքը անմիջականօրէն արտադրուած է այն անձերէն՝ որոնք ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած եւ կոչուած են շարունակելու իրարու հետ եւ իրարու համար արարչութեան գործը՝ տիրելու երկրին։ Աշխատանքի տաժանքը կրելով Նազարէթի արհեստաւոր եւ Գողգոթայի Խաչեալ Յիսուսի հետ, մարդը, խաչի միջոցով, կը գործակցի կերպով մը Աստուծոյ Որդիին հետ՝ Անոր փրկչագործութեան։

Մարդը Քրիստոսի կ՚աշակերտի եւ Անոր կը հետեւի ամէն օր Խաչը կրելով, այն գործին մէջ, զոր կատարելու կոչուած է։ Ուստի, աշխատանքը կրնայ ըլլալ միջոց մը սրբացումի եւ երկրաւոր իրականութիւններուն Քրիստոսի Հոգիով եւ Անոր Խաչին ուժով կենսագործումի։

Աստուծոյ Արքայութիւնը Խաչով վերջնականապէս պիտի հաստատուի, քանի որ Աստուած թագաւորեց խաչափայտին բարձունքէն։ Յիսուս Իր մատնութեան գիշերը, վերջին ընթրիքին ատեն, Իր Մարմինին եւ Իր Արեան գոհաբանական զոհը հաստատեց, յաւերժացնելու համար Խաչին զոհաբերումը դարե՜րու ընթացքին մինչեւ Իր գալուստը, եւ յանձնելու համար Իր սիրելի Հարսին՝ Եկեղեցւոյ Իր մահուան եւ յարութեան յիշատակը, այսինքն՝ սուրբ խորհուրդը սիրոյ. նշան միութեան, կապ եղբայրսիրութեան ե՛ւ մարդասիրութեան, որուն մէջ մեր հոգին կը լիանայ շնորհքով, վերջապէս հանդերձեալ փառքին գրաւականը մեզի կը տրուի։ Այս կոչունքին՝ Քրիստոսը կ՚ընդունինք որպէս երկնային հաց, սնո՛ւնդ։

Թերացում մը՝ սխա՛լ մը՝ որ այսօր լայնօրէն տարածուած է, մոռացումն է մարդկային համընկերութեան եւ սիրոյն օրէնքին, որ հաւասարապէս թելադրուած են եւ պարտադրուած՝ թէ՛ բոլոր մարդոց ծագումին նոյնութեան կողմէ՝ եւ թէ բոլոր իրենց բանաւոր բնութեան հաւասարութեան՝ ի՛նչ ժողովուրդի ալ պատկանին, թէ՛ ալ փրկչական զոհով Յիսուս Քրիստոսին՝ որ Խաչին խորանին վրայ ընծայուեցաւ Իր երկնաւոր Հօր, ի նպաստ մեղապարտ մարդկութեան։

Արդարեւ, սատանաները չե՛ն որ Քրիսոտսը խաչեցին. մե՛նք ենք որ անոնց հետ խաչեցինք զԻնք եւ դարձեալ կը խաչենք զԻնք մոլութիւններու, մոլորութիւններու եւ մեղքերու մէջ հաճոյք քաղելով։

Ուստի, մեծ է Խաչին զօրութիւնը՝ երբ կ՚անդրադառնանք եւ կ՚իւրացնենք անոր ճշմարիտ իմաստը եւ գործակից կ՚ըլլանք Խաչեալին չարչարանքներուն…

Շնորհաւոր Խաչվերաց տօն ձեր բոլորին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 7, 2024, Իսթանպուլ

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024