ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ Տ. ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Նորին Սրբազնութիւնը անցուցած էր լուրջ սրտի անհանգստութիւն մը եւ բուժման համար մեկնած՝ արտասահման։ Շաբաթավերջի հանդիպման ընթացքին Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգատարութեան եւ բուժման մեկնելու հայրական յորդորին համար։ Այս բոլորին շնորհիւ անյապաղ բժշկական միջամտութեամբ հնարաւոր եղած է կանխել Նորին Սրբազնութեան կեանքին սպառնացած վտանգը։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի կազդուրման եւ վերադարձին կապակցութեամբ։ Ան նկատեց, որ Նորին Սրբազնութեան բացակայութեան օրերուն հաւատացեալ ժողովուրդը լուրջ անհանգստութեան մատնուած է անոր առողջական վիճակին առընչութեամբ։ Սա կը վկայէ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի անձին նկատմամբ մեծ յարգանքի եւ սիրոյ մասին։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը եւ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան անդրադարձան Արցախի իրավիճակին, ժողովուրդի կարիքներու դիմագրաւման նպատակով նախաձեռնուած ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ թեմի ապագայ գործունէութեան եւ սրբավայրերու խնամքին։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020