ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Տեառնընդառաջը։ Քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնն է այս մէկը, որու սկիզբը ազդարարուեցաւ նախատօնակով՝ Շաբաթ երեկոյեան։ Իսկ երէկ արդէն Տեառնընդառաջի տօնն էր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Արարողութիւններու աւարտին Մայր Տաճարի Իջման Ս. Սեղանի կանթեղէն վառուած մոմով Վեհափառ Հայրապետը Քրիստոսը խորհրդանշող լոյսը փոխանցեց ժողովուրդին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս վառուեցաւ նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը, որու շուրջ երգեցին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները։
Բաց աստի, օրուան տօնին առթիւ կատարուեցաւ նաեւ նորապսակներու օրհնութեան կարգը։