ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տեառնընդառաջի տօնը։ Քաղաքիս մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տէրունի տօնին կապակցութեամբ Մայր Տաճարի երդիքին տակ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, ձեռամբ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ՝ ըստ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ հաստատուած կարգադրութեան։
Կրօնական արարաղութիւններէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մայր Աթոռի նորապսակ միաբան սարկաւագներն ու իրենց կողակիցները։ Օրուան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորապսակ երիտասարդները եւ աղօթքով մաղթեց՝ որպէսզի Տիրոջ սէրը եւ հովանին մշտապէս զօրավիգ ըլլան անոնց նորակազմ ընտանիքներուն եւ անոնք ապրին առողջ ու երջանիկ կեանքով։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ սարկաւագներու ընտանիքները՝ խարխսուած քրիստոնէական վեհ ու նուիրական արժէքներու վրայ, պէտք է սիրոյ մէջ աւելի զօրանան ու ծաղկին ազգային նկարագրով։
Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ապագայ քահանաներն ու իրենց կողակիցները։
Եկեղեցական
- 11/27/2024