ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Մեր այլ եկեղեցիներուն մէջ ալ տեղի ունեցան Տեառնընդառաջի արարողութիւններ։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութեան, ուր խօսեցաւ քարոզ մը։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան պատարագեցին եւ խօսեցան քարոզներ։