ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան կեան­քը յե­ղաշր­ջող ճշմար­տու­թիւն է: Իր հրա­շա­լի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը ապ­րող ան­հատ քրիս­տո­նեան կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը իր մէջ կ՚ապ­րի նոր կեան­քը, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ո­գին, եւ ա­մե­նէն էա­կա­նը՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը ան­ցեալ չէ, այ­լեւ՝ ներ­կայ, ո­րուն ապ­րումն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նանք հա­ւատ­քով: Ժո­ղո­վուրդ­ներ, Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կեանք են ի­մաս­տա­ւո­րած, պատ­մու­թիւն կեր­տած, մշա­կոյթ ստեղ­ծած եւ նոյն խոր­հուր­դի առ­ջեւ խո­նար­հու­մով նա­հա­տակ­ներ տուած, ո­րոնց ա­րեան հե­ղու­մո­վը հաս­տա­տուած է ե­կե­ղե­ցին:

Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը մեր ազ­գի նախ­նեաց եւ այ­սօր մեր զա­ւա­կաց հա­մար կեան­քի խոր­հուրդն է: Նոյն խոր­հուր­դին առ­ջեւ խո­նար­հած մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­ներ մեր մէջ տե­սան տե­սիլ­քը նոր ար­շա­լոյս­նե­րու, Մեծ Ե­րա­զը՝ վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի:

Յա­րեա՜ւ Քրիս­տոս:

Հա­ւա­տա­ցեա­լը երբ ջերմ սրտով կը յայ­տա­րա­րէ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը, ան­տա­րա­կոյս իր հո­գիին ձայնն է, որ կ՚ար­ձա­գան­գէ, որն ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ իր հա­ւատ­քը Աս­տու­ծոյ հան­դէպ, քրիս­տո­նէա­վա­յել կեան­քով մը ապ­րե­լու իր խոս­տու­մը եւ դառ­նա­լու նմա­նա­նա­կից Քրիս­տո­սի:

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը պի­տի դարձ­նենք մեր կեան­քի նոր ար­շա­լոյ­սը, որ­պէս­զի կեան­քը ապ­րինք յու­սա­լից, նոր տե­սիլք­նե­րու հե­տա­մուտ, ճար­տա­րա­պե­տե­լու օրհ­նեալ կեանք, եւ ի մաս­նա­ւո­րի՝ մեր շուր­ջին­նե­րու կեան­քին մէջ դառ­նա­լու ներշն­չու­մի աղ­բիւր:

Այս Զա­տի­կը մեր Թե­մա­կան կեան­քին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, ո­րով­հե­տեւ մեր Թեմն իր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով եւ ծու­խե­րով ու բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով կը տօ­նախմ­բէ Թե­մի հաս­տատ­ման 90-ա­մեա­կը:

90-ա­մեա­կը պի­տի ար­ժե­ւո­րենք Յա­րու­թեան խոր­հուր­դով, որ­պէս­զի մեր առ­ջեւ բացուած կեան­քի ճա­նա­պար­հը ի­մաս­տա­ւո­րենք բա­րի սպա­սում­նե­րով, հա­ւատ­քի գոր­ծե­րով, նոր հե­ռան­կար­նե­րով, ո­րոնք բո­լորն ալ պէտք է ա­պա­հո­վեն քրիս­տո­նեա­յի մէջ նկա­րա­գի­րը, եւ մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ, ազ­գի ու Հայ­րե­նի­քի ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­րագ­րու­մը:

Կ՚ապ­րինք նոր աշ­խար­հի մը մէջ եւ ա­մէն օր ու վայր­կեան նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կը գտնուինք։ Գի­տու­թեան եւ տեխ­նո­լո­գիա­յի զար­գա­ցու­մը մե­զի չի կրնար ո­րե­ւէ ձե­ւով պար­տադ­րել որ­դեգ­րե­լու բա­րո­յա­կան նոր մօ­տե­ցում­ներ, ո­րոնք հա­կոտ­նեայ են քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան եւ այն հա­ւատ­քին, ո­րոնք ե­ղան հիմ­քե­րը մեր նախ­նեաց հո­գե­ւոր կեան­քին:

Աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, մարդ­կանց բարձր ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քը պայ­մա­նա­ւո­րուած է Աս­տուած եւ մարդ յա­րա­բե­րու­թեան մշտա­կա­նու­թեամբ: Հա­ւատ­քով կը պայ­մա­նա­ւո­րուի նաեւ ըն­տա­նե­կան սրբու­թեան սահ­մա­նու­մը՝ բա­րո­յա­կան գե­րա­գոյն յաղ­թա­նա­կը:

Զատ­կուան խոր­հուր­դը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կ՚ի­մաս­տա­ւո­րուի, երբ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նի­քը Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը կ՚ար­տա­յայ­տէ գործ­նա­կան քայ­լե­րով:

Քրիս­տոս Յա­րեա՜ւ ի մե­ռե­լոց:

Օրհ­նեա՜լ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի:

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը հրա­ւէրն է նոր կեան­քի, որ­պէս­զի մեր հո­գե­ւոր էու­թեան մէջ մշտա­պէս կրենք Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը, մեր քրիս­տո­նէա­կան ինք­նու­թիւնն ա­մուր պահ­պա­նե­լու ո­գին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան շուն­չը, հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ազ­գա­յին շուն­չը, ծա­ռա­յու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը, ի մաս­նա­ւո­րի՝ հայ ըն­տա­նի­քի սրբու­թեան տե­սիլ­քը: Այս բո­լո­րին մա­տա­կա­րարն է Ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն ապ­րող ու շնչող մաս­նիկ­ներն ենք: Ա՛յս պատ­կե­րը կը տես­նենք Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին մէջ:

Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը ա­ւիշն է նոր կեան­քի:

Օրհ­նեա՜լ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի:

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Առաջնորդ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017