ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ։ Վերջերս Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին արժեւորուած են Տաւուշի մարզէն Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնելու վերաբերեալ լուրերը։ Այդ խորհրդակցութենէն վերջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։ Ստորեւ յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք՝ արեւմտահայերէնի փոխադրելով։

*

Վերջին շրջանի զարգացումները այլեւս կասկած չեն ձգեր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի լիակատար հայաթափման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու բռնազաւթման պայմաններուն ներքեւ, տեղի տալով Ատրպէյճանէն հնչած սպառնալիքներուն, կը պատրաստուին անոր յանձնել Տաւուշի մարզէն տարածքներ նախքան ենթադրուած սահմանազատումն ու սահմանագծումը։

Պարտուողական այս մօտեցմամբ, տարածքային ցաւալի հերթական զիջումներով, ըստ էութեան, յաչս միջազգային հանրութեան կ՚օրինականացուին Հայաստանի տարածքներու նկատմամբ Ատրպէյճանի կեղծ պահանջատիրութիւնը եւ դատապարտելի յաւակնութիւնները:

Եկեղեցին միարժէքօրէն կ՚ողջունէ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ բոլոր ողջամիտ ջանքերն ու գործընթացները: Անվիճարկելի է, որ միակողմանի զիջումներով «խաղաղութեան դարաշրջան» կերտելու՝ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն անիրատես է, այլեւ աղէտաբեր: Հայրենի հողի շուրջ սակարկումները եւ չարդարացուած շարունակական զիջումները երբեք անվտանգային միջավայր չեն կրնար ապահովել մեր ժողովուրդին համար։

Տեւական ու ամուր խաղաղութիւն հնարաւոր է կերտել ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու նկատմամբ լիարժէք յարգանքի դրսեւորման եւ փոխադարձութեան սկզբունքի պահպանման պայմաններուն ներքեւ:

Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ հրաժարիլ պարտուողական գործելաոճէ եւ ծառացած հիմնախնդիրներու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ ընթացք չտալ պարտադրեալ այնպիսի լուծումներու, որոնք հայրենիքը կը կանգնեցնեն անվտանգային նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։ Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային, քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններուն, հայրենիքի ապագայով մտահոգ ազգի բոլոր զաւակներուն՝ ներառեալ պետական պաշտօնատար անձերուն, համախմբուիլ եւ համազգային միասնականութեամբ պաշտպանել ազգային-պետական մեր շահերը, ամբողջ ներուժով ներդրում բերել պետականութեան ամրապնդման ու բարօր, ապահով ապագայի կերտման գործին։

Կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի մէջ զօրեղ է հայրենանուիրումի եւ անձնականն ի սէր ազգի զոհաբերելու յանձնառութեան ոգին, ամուր՝ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութիւնը եւ մենք Յարուցեալ Փրկչի օգնականութեամբ եւ համընդհանուր ջանքերով ի զօրու ենք հեռացնել արհաւիրքն ու չարիքը հայրենական մեր կեանքէն։

Սրտաբուխ աղօթքով Երկնաւոր Տիրոջմէն կը հայցենք, որ խաղաղութեան ու համերաշխութեան շնորհները հեղէ մեր երկրի եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ անվտանգ ու անսասան պահէ հայոց անկախ պետականութիւնը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024