ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ 180-ԱՄԵԱԿ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 180-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը ե­րէկ նշուե­ցաւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան Վոս­փո­րի ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ սրբա­վայ­րին մօտ։ Հարկ է նշել, որ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ան­ցեալ շա­բաթ յե­տաձ­գուած էին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Պերճ Սրկ. Քաջ, Ար­ման Սրկ. Պուլ­տու­քեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Կէ­տիկ­փա­շա­յի Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճուի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Հեր­ման Փոր­թա­գա­լեա­նի։ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ կա­տա­րուե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, նոյն­պէս Սրբա­զան Հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Բա­ցօ­թեայ հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էր նաեւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ստեղծուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լորտ։ Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան Պերճ Քաջ, Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Զուարթ­նոց երգ­չա­խում­բի ան­դամ­ներն ալ ներ­կա­յա­ցու­ցին քա­նի մը խմբերգ­ներ։

Բո­լո­րը հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ բա­րե­մաղ­թանք­ներ յղե­ցին, որ­պէս­զի վառ մնայ այս ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թե­ղը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015