ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան ներ­կա­յիս դար­ձեալ կ՚այ­ցե­լէ քա­ղաքս։ Ըստ ան­պաշ­տօն աղ­բիւր­նե­րէ մե­զի հա­սած լու­րե­րուն, ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նայ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քի կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան։

Ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բէն ի վեր պատ­րիար­քը կը գտնուի Իս­թան­պու­լի մէջ։ Ան կ՚ի­ջե­ւա­նի Օր­թա­գիւ­ղի պան­դոկ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, իսկ իր ըն­կե­րա­կի­ցը՝ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան՝ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս։ Հիւր պատ­րիար­քին կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին կ՚ու­ղեկ­ցի Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան ար­դէն հեր­թա­կան ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն մին կու տայ Իս­թան­պուլ։ Նա­խորդ ան­գամ­նե­րուն ան ընդ­հան­րա­պէս կը նա­խընտ­րէր ի­ջե­ւա­նիլ Էլ­մա­տա­ղի «Տի­վան» պան­դո­կին մէջ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, քա­ղա­քի կեդ­րո­նին աչ­քէ հե­ռու մնալ չյա­ջո­ղած Նուր­հան Պատ­րիար­քը այս ան­գամ նա­խընտ­րած է փո­խել իր ի­ջե­ւան­ման վայ­րը։

Նոյն­պէս մեր ստա­ցած ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, Նուր­հան Պատ­րիար­քին իր ինք­նա­շար­ժը տրա­մադ­րած է մեր ազ­գա­յին­նե­րէն մին։ Ի­ջե­ւա­նե­լու հա­մար պատ­րիար­քին Օր­թա­գիւղ թա­ղա­մա­սը նա­խընտ­րած ըլ­լալն ալ կը հա­մա­րուի բա­ւա­կան ու­շագ­րաւ։ Ար­դա­րեւ, նոյն թա­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին այ­ցե­լած էր ան վեր­ջին ան­գամ եւ այդ այ­ցե­լու­թիւ­նը դար­ձած էր բա­ւա­կան աղմ­կա­րար, ո­րով­հե­տեւ պնդում­ներ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած էին, թէ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պի­տի օ­ժան­դա­կէ Ե­րու­սա­ղէ­մի վան­քին։ Մեր հա­մայն­քի մի­ջոց­նե­րը ար­տա­սահ­ման օ­ժան­դա­կու­թիւն ու­ղար­կե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ այս լսում­նե­րը ան­հանգս­տու­թիւն եւ ընդվ­զում յա­ռա­ջա­ցու­ցած էին հա­մայն­քի զա­նա­զան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը նոյն­պէս աղմ­կա­րար բո­ղո­քի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կած էր այդ շրջա­նին։ Բայց եւ այն­պէս, այդ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ չէր յստա­կե­ցուած, որ այդ­պի­սի օ­ժան­դա­կու­թիւն մը կը կա­տա­րուի՞, թէ ոչ։ Մեր այդ շրջա­նի հրա­պա­րա­կում­նե­րուն հեր­քու­մը կամ պար­զա­բա­նումն ալ նա­խընտ­րե­լի չէր նկա­տուած Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ։

Հի­մա այդ բո­լո­րէն վերջ ար­դէն հեր­թա­կան ան­գամ Նուր­հան Պատ­րիարք ե­կած է քա­ղաքս։

Այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը հիմ­նա­ւո­րուին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան Թուր­քիոյ մէջ գտնուող եր­բեմ­նի կա­լուած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րով։ Ծա­նօթ է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը այդ կա­լուած­նե­րուն սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կով աշ­խա­տանք կը տա­նի՝ հա­մա­ձայ­նած ըլ­լա­լով փաս­տա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կի մը հետ։ Իբր թէ պատ­րիար­քը այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ կը հե­տապն­դէ այդ թղթած­րար­նե­րը։

Միւս կող­մէ, ըստ մե­զի հա­սած նոյն­պէս ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ­ներն ալ լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն կ՚ապ­րին Նուր­հան Պատ­րիար­քի գոր­ծու­նէու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Պատ­րիար­քը եւ Կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան բա­ցար­ձա­կա­պէս թա­փան­ցիկ չեն գոր­ծեր կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րը տե­ղեակ կը պա­հուին ե­ղեր Պատ­րիար­քու­թեան Թուր­քիոյ կա­լուած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն, սա­կայն շուրջ մէ­կու­կէս տա­րիէ ի վեր ա­նոնք այ­լեւս լրիւ ան­տե­ղեակ են այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն։

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը այս շրջա­նին կը դի­մագ­րա­ւէ նաեւ ու­րիշ մար­տահ­րա­ւէր մը։ Ման­կապղ­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ պնդում­ներ յա­ռաջ քշուած են նախ­կին ժա­ռան­գա­ւոր սա­նի մը կող­մէ։ Բնա­կա­նա­բար միան­շա­նակ ձե­ւով կա­րե­լի չէ հա­ւատք ըն­ծա­յել այդ պնդում­նե­րուն, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս սկսած է քննու­թիւն։ Բայց եւ այն­պէս, այդ քննու­թիւ­նը ար­դէն տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէտ­նե­րէ դուրս ե­կած է եւ տպա­ւո­րու­թիւ­նը այն է, որ Նուր­հան Պատ­րիարք կը ձգձգէ այդ գոր­ծըն­թա­ցը։ Զար­մա­նա­լի է, որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­դի պատ­մու­թեան ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կազր­կուած ու մե­կու­սա­ցած այս ե­կե­ղե­ցա­կա­նը մեր հա­մայն­քի կարգ մը ան­գի­տա­կից շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ կ՚ար­ժա­նա­նայ նման ըն­դու­նե­լու­թեան՝ ինք­նա­շարժ­նե­րու տրա­մադ­րու­մով հան­դերձ։

Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Նուր­հան Պատ­րիարք եւ Պա­րէտ Ծ. Վրդ. վա­ղը կամ միւս օր հրա­ժեշտ պի­տի առ­նեն քա­ղա­քէս։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016