ԺԸՆԵՒԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ խաղողօրհնէք, որու ընթացքին հաւատացեալներու հոգեւոր հրճուանքը հասաւ գագաթնակէտին։

Արարողութիւններուն ներկայ էին Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Գազանճեան եւ իր գործակից ընկերները, որոնք ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեցին հաւատացեալներուն նկատմամբ եւ բոլորին հետ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023