«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՉԿԱՅ ՈՒ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ»

Արցախի պատերազմական գործողութիւններու ծանր իրավիճակին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդէս եկաւ հայ ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ ըսաւ. «Մեր հայրենիքի համար վճռական օրեր են։ Կենաց ու մահու կռիւ կը մղենք յանուն Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքին»։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները Արցախի դէմ՝ հրետակոծելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերն ու բնակչութիւնը, յուշարձաններն ու սրբավայրերը, ներառեալ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին։ «Ատրպէյճանի այս ընթացքը ի ցոյց կը դնէ բանակցութիւնները ձախողելու, Արցախի ժողովուրդը հայրենի հողէն վտարելու եւ բնաջնջելու անոր հայատեաց քաղաքականութիւնը։ Արցախի համար չկայ եւ չի կրնար ըլլալ անվտանգութեան երաշխիք Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Պատերազմը մեր ժողովուրդի ընտրութիւնը չէ։ Մեզի պարտադրուած է ինքնապաշտպանութիւն՝ որպէս բռնութեան ու բիրտ ուժի դէմ մեր կեանքի, ազատութեան եւ արժանապատուութեան պահպանման միակ միջոց», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ։

Կոչ ուղղելով աշխարհասփիւռ հայութեան՝ Նորին Սրբութիւնը միասնականութեան կոչ ուղղեց, կարեւորելով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղեալ քայլերը։

«Մենք կը դիմենք մարդկային կեանքը, խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը արժեւորող բոլոր պետութիւններուն, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ առաւել վճռական քայլերու ձեռնարկել կանխելու համար Թուրքիոյ եւ վարձկան ահաբեկիչներու անմիջական ներգրաւմամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուող վայրագութիւններն ու ցեղասպան գործողութիւնները, հարկադրելու պատերազմը դադրեցնել եւ հիմնախնդրի կարգաւորման հետամուտ ըլլալ բանակցութիւններու ճանապարհով», նշեց Նորին Սրբութիւնը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020