ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ար­դէն յար­դա­րուած է ա­ւան­դա­կան տօ­նա­ծա­ռը։ Մինչ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան ըն­դա­ռաջ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­մա­կէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մթնո­լոր­տը, Պատ­րիար­քա­րա­նի տօ­նա­ծառն ալ զար­դա­րուե­ցաւ տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ։ Բա­ցի տօ­նա­ծա­ռէն, Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան շէն­քը յար­դա­րուե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տօ­նա­ծա­ռի զար­դա­րուե­լէն եւ ընդ­հա­նուր յար­դա­րու­մէն վերջ տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րուն հետ մէկ­տե­ղուե­ցաւ թէ­յա­սե­ղա­նի մը շուրջ։ Ներ­կայ էր նաեւ տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեան։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տեց տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րը, ո­րոնք նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն Պատ­րիար­քա­րա­նէ ներս ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու տե­ւա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը բո­լո­րին մաղ­թեց բա­րի տա­րի մը՝ փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­ներն ալ խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան եւ Ա­մա­նո­րի սե­մին մաղ­թե­ցին ա­ռողջ տա­րի­ներ։ Ա­նոնց մաղ­թանքն էր նաեւ, որ մեր Պատ­րիար­քա­կան Սուրբ Ա­թո­ռը եր­կար տա­րի­ներ մնայ պայ­ծառ ու ան­սա­սան եւ Աս­տուած ար­ժա­նի ը­նէ տա­կա­ւին քա­նի-քա­նի տօ­նա­ծա­ռե­րու զար­դար­ման։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016