ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ շա­բա­թա­վեր­ջին Աւստ­րիոյ մէջ վախ­ճա­նած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րեալ սպա­սա­ւոր, ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ա­ւագ ան­դամ­նե­րէն, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեան։ 85 տա­րե­կան հա­սա­կին ի Տէր հան­գաւ բազ­մա­վաս­տակ սրբա­զա­նը, ո­րու վախ­ճա­նը մեծ կո­րուստ մըն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ամ­բողջ միա­բա­նու­թիւ­նը կը սգան հո­գե­լոյս Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի վախ­ճա­նու­մը եւ կ՚ա­ղօ­թեն իր հոգ­ւոյն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Գէորգ, Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեան 1932 թուա­կա­նին ծնած էր Հա­լէ­պի մէջ։ Ու­սա­նած էր Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քէն ներս։ 1952-ին սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րուած էր ձե­ռամբ Տ. Դե­րե­նիկ Եպսկ. Փո­լա­տեա­նի։ Տա­րի մը վերջ նոյն սրբա­զա­նին կող­մէ ձեռ­նադ­րուած էր կու­սակ­րօն քա­հա­նայ։ Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քէն ներս դա­սա­ւան­դած էր հա­յոց պատ­մու­թիւն, գրա­բար եւ մա­տե­նա­գի­տու­թիւն, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պաշ­տօ­նա­վա­րած էր որ­պէս գրա­դա­րա­նի փոխ-տնօ­րէն, ձե­ռագ­րա­տան ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու եւ տպա­րա­նի տե­սուչ։ 1956 թուա­կա­նին վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան ստա­ցած էր՝ ձե­ռամբ Տ. Խադ Արք. Ա­ջա­պա­հեա­նի։

1956-57 թուա­կան­նե­րուն, տասն այլ միա­բան­նե­րու հետ կողմ­նո­րո­շուած էր ի նպաստ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։ 1959 թուա­կա­նին «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի մրցա­նակ-կրթա­թո­շա­կով Անգ­լիա մեկ­նած էր Տար­հըմ հա­մալ­սա­րա­նէն ներս հե­տե­ւե­լու ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան եւ Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Նոյն տա­րին մեկ­նած էր Վիեն­նա եւ յա­ջոր­դած ուս­ման եր­կու տա­րի­նե­րուն ե­ղած էր Վիեն­նա­յի այ­ցե­լու հո­գե­ւոր հո­վիւ։ 1961-ին ա­ւար­տած էր հա­մալ­սա­րա­նի ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը եւ սկսած էր աշ­խա­տիլ տոք­թո­րա­կա­նի թե­զին վրայ, ո­րու նիւթն էր՝ «Հայ ժո­ղո­վուր­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Օս­մա­նեան հան­րա­յին կեան­քին Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լուի եւ Սու­րիոյ մէջ 1860-1908 թուա­կան­նե­րուն»։ 1962-ի տա­րե­մու­տին Վիեն­նա­յի հո­գե­ւոր հո­վիւ նշա­նա­կուած էր ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Եր­կու տա­րի վերջ ստա­ցած էր ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան տոք­թո­րի գի­տա­կան աս­տի­ճա­նը։ Նոյն տա­րին կազ­մա­կեր­պած էր Վիեն­նա­յի Ս. Հռիփ­սի­մէ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նօրհ­նէ­քը։ Աշ­խու­ժօ­րէն գոր­ծակ­ցած էր Կար­տի­նալ Ֆրանց Կէօ­նի­քի կող­մէ հիմ­նուած «Փրօ Օ­րիէն­թէ» կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ։ Նոյն թուա­կա­նին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի ձե­ռամբ ստա­ցած էր ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի աս­տի­ճան։ Յա­ջոր­դող տասն տա­րի­նե­րուն ե­ղած էր Մայր Ա­թո­ռի պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դին մօտ։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ հո­վի­ւի պաշ­տօն կա­տա­րած էր յու­նա­հայ հա­մայն­քէն ներս։ «Փրօ Օ­րիէն­թէ»ի խորհր­դա­րա­նա­կան մարմ­նին հետ կազ­մա­կեր­պած էր հին Ուղ­ղա­փառ եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ան­պաշ­տօն երկ­խօ­սու­թիւն։

1979 թուա­կա­նին նշա­նա­կուած էր Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի եւ Շուէ­տի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ։ 1980-ին Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ նշա­նա­կուած էր Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նո­նադ­րու­թեան մշակ­ման յանձ­նա­խում­բի ան­դամ։

21 Սեպ­տեմ­բեր 1986-ին Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ ձեռ­նադ­րուած էր ե­պիս­կո­պոս։ Իր հետ նոյն օ­րը ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րուած էր նաեւ Տ. Մես­րոպ Ծ. Վրդ. Մու­թա­ֆեան, այժմ՝ Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեան։ 1992 թուա­կա­նին, 60-ա­մեա­կին առ­թիւ ստա­ցած էր ար­քու­թեան պա­տիւ։ 2002 թուա­կա­նին, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ 70-ա­մեա­կին առ­թիւ պար­գե­ւատ­րուած էր «Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» շքան­շա­նով։ Տա­րի մը վերջ, քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեա­կին առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած էր «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» շքան­շա­նով։

Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեան Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ ար­ժա­նա­ցած էր փրօ­ֆէ­սէօ­րի կոչ­ման։ Այն­տեղ դա­սա­ւան­դած էր Բիւ­զան­դա­գի­տու­թեան բաժ­նէն ներս՝ զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ. ինչ­պէս՝ գրա­բար, «Հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թիւն», «Հայ միջ­նա­դա­րեան մա­տե­նագ­րու­թիւն» եւ այլն։

Վախ­ճա­նեալ Սրբա­զան Հայ­րը հե­ղի­նա­կած էր շարք մը գիր­քեր, ա­ռան­ձին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ եւ յօ­դուած­ներ։ Տոք­թո­րա­կան աշ­խա­տան­քը վե­րա­ծուած էր գիր­քի մը։ Գեր­մա­նե­րէ­նով լոյս ըն­ծա­յած էր «Ֆրանց Վեր­ֆէլ եւ Կո­մի­տաս» գիր­քը։ Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մըն ալ կա­տա­րած էր «Հայ Ե­կե­ղե­ցին» խո­րագ­րեալ։

Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի մա­հով մեզ­մէ կը հե­ռա­նայ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­դի պատ­մու­թեան հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­նուն­նե­րէն մին, ո­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017