ԶԵԿՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

Ծանօթ է մեր հասարակութեան, թէ  26 Հոկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի օր, գումարուած Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչած եւ Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս թափուր յայտարարած էր։

Ուստի Պատրիարքական թափուր Աթոռի համար Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան օրակարգով Եկեղեցական Համագումար Ժողովը 15 Մարտ 2017, Չորեքշաբթի օր, ժամը 15.00-ին կայացաւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի։

Համագումար Ժողովի դիւանը կազմուեցաւ ըստ հետեւեալի. Ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Քուէախոյզ մարմին ընտրուեցան՝ Գերպ. Տ. Տ. Զաքէոս եւ Թաթուլ Ծ. Վարդապետներ։

Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարեց, թէ ինք Պատրիարքական Տեղապահութեան թեկնածու չէր։

Կատարուած գաղտնի քուէարկութեամբ Բարձր. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան ընտրուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ, ստանալով 34 քուէներէ 23-ը։ Իսկ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ստացաւ 11 քուէ։

 

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017