ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ա­ւար­տե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով վե­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը 500 հա­զա­րա­կան ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րած են Ար­ցա­խի հա­մար։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կո­չով թե­մե­րէն ներս կը շա­րու­նա­կուին հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի ի նպաստ։

ՀԵՐ­ՔՈՒՄ

Միւս կող­մէ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը հեր­քե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի Շէյ­խիւ­լիս­լամ Ալ­լահ­շիւ­քիւր Փա­շա­զա­տէի կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած վեր­ջին օ­րե­րու պնդում­նե­րը։ Այս­պէս, Փա­շա­զա­տէ պնդած էր, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վեր­ջին բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ինք փա­փա­քած էր Ռու­սաց Պատ­րիար­քին միջ­նոր­դու­թեամբ տե­սակ­ցիլ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ, սա­կայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը հրա­ժա­րած էր այդ տե­սակ­ցու­թե­նէն։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու օ­րե­րուն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի հան­դիպ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ո­րե­ւէ դի­մում չէ ստա­ցած։ «Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կեղծ է եւ սուտ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին հա­սած է միայն Մոս­կուա­յի եւ Հա­մայն Ռու­սիոյ Քի­րիլ Պատ­րիար­քի նա­մակ-կո­չը՝ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, ինչ որ հրա­պա­րա­կուած է նաեւ հա­մա­ցան­ցի վրայ եւ այն­տեղ ո­չինչ ը­սուած է հան­դիպ­ման մա­սին», նշեց Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016