ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նաթ, Տէն Շեխտ­ման, Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի եւ Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէ­նը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­կան ձեռ­նար­կին առ­թիւ։ «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ծրա­գի­րը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չը՝ Փրոֆ. Մի­քա­յէլ Նա­րի­մա­նեան եւ ա­կա­դե­մի­կոս Վի­լէն Յա­կո­բեան։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նշեց, թէ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր»ը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած են ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ՝ շփուե­լու հա­մար գի­տու­թեան աշ­խար­հահռ­չակ մշակ­նե­րուն հետ եւ ներշն­չուե­լու ա­նոնց օ­րի­նա­կով։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016