Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎՐԱՅՈՎ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը կը հան­դի­սա­նայ Մուս­կուան, ուր ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մին կող­մէ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­ւե­լի վերջ պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Հա­յաս­տան։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ան պի­տի մաս­նակ­ցի Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ժո­ղով­նե­րուն, նաեւ ներ­կայ պի­տի ըլ­լայ Հռո­մէա­կան Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան։

Կը նա­խա­տե­սուի, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան քա­ղաքս վե­րա­դառ­նայ Ուր­բաթ, Յու­նի­սի 24-ին։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016