ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ. Ա­ՊԱ­ՒԷՆ ԵՒ ԶՕ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՀԱ­ՒԱ­ՏԱ­ՑԵ­ԼՈՑ

Խաչվերաց է այսօր։ Հասած ենք տարւոյն վերջին տաղաւարին։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը իր բառերով առ Քրիստոս կ՚աղօթէ ըսելով. «Որդի Աստուծոյ Աստուած ճշմարիտ, որ Հայրական ծոցէն խոնարհեցար եւ մարմին առիր Սուրբ Կոյսէն մեր փրկութեան համար. խաչուեցար, թաղ-ւեցար եւ յարութիւն առիր մեռելներէն, երկնքի եւ քու առջեւդ մեղանչեցի. երբ որ կու գաս արքայութեամբդ յիշէ զիս ինչպէս աւազակը»։ Այս բառերը իմաստ կը ներկայացնեն բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսը ճշմարտապէս ընդունած են որպէս Փրկիչ աշխարհի։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աղօթքին մէջ արտայայտուած խաչելութեան գաղափարը, Խաչվերացի տաղաւարին մեր աղօթքներուն կիզակէտը կը հանդիսանայ։ Առանց խաչելութեան, մեղքի կապանքները պիտի չխորտակուէին։ Մեծ Պահոց ամբողջ տեւողութեանը ընթացքին մեր աչքերը կը սեւեռենք Քրիստոսի խաչելութեան սրբանկարին։ Աւագ Ուրբաթ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը յիշատակենք Քրիստոսի Խաչելութեան տնօրինութիւնը։ Թէեւ Մեծ Պահոց ընթացքին խաչելութեան սրբանկարը կը վայելէ հաւատացեալներու ներկայութիւնը զանազան առիթներով, սակայն Աւագ Ուրբաթի խաչելութեան կարգի արարողութեան ընթացքին նոյն սրբանկարը յաճախ շրջապատուած կ՚ըլլայ փոքրաթիւ հաւատացեալներով եւ կամ կը մնայ բոլորովին առանձին։ Խաչելութեան սրբանկարը իր մէջ ունի սքանչելի խորհուրդի մը յայտնութիւնը եւ այդ խորհուրդին հրաշագործ զօրութեան գիտակցութեամբը օծուն հաւատացեալ հոգիներու նախանձախնդրութեան պտուղն է Խաչվերացի տաղաւարի տօնակատարութիւնը։ Եօթներորդ դարուն, հաւատացեալներ չէին կրցած  հանդուրժել Քրիստոսի խաչափայտին գերի տարուիլը, Պարսկաստան։ Բիւզանդիոնի արքայական զօրքը, քաղքենի եւ գիւղացի հաւատացեալներ որոնք ի խորոց սրտի հաւատացած էին Խաչի վրայ մատուցուած Սուրբ եւ անկրկնելի Պատարագի փրկարար զօրութեան, ամէն ինչ ըրին խաչափայտը գերութենէն ազատագրելու համար։ Եւ երբ այդ իրականացուցին, խաչափայտը բարձրացուցին եւ թափօրներ կազմեցին ու քրիստոնեայ հաւատացեալներով բնակուած քաղաքներն ու գիւղերը վայելեցին Սուրբ Խաչէն բղխած Աստուածային օրհնութեան ճաճանչները։

Երբ կը նայինք մեր աղօթքի տուներուն, կը տեսնենք բարձրադիր Սուրբ Խաչի նշանը։ Սուրբ Խաչը մեղքի վրայ տարուած յաղթանակի նշանն է։ Խաչը զոհողութիւն կը բուրէ։ Խաչէն համակ ներողամտութիւն կը ճառագայթէ։ Խաչին միջոցաւ նեղութեան, տառապանքի եւ նոյնիսկ մահուան ժամուն աղօթելու կենսականութիւնը կը յայտարարուի։ Խաչը, մեղքով ծանրաբեռնուածները զգաստութեամբ իրեն մերձենալու կը կանչէ։ Խաչը, մեղքի ծառայութենէն ազատագրման գինը կը յիշեցնէ։

Սուրբ Խաչը այսօր անգամ մը եւս կը բարբառի ըսելով. «Եկէք եւ զիս ընկալեցէք որպէս սիրոյ նշան։ Նայեցէք վրաս խաչուած Քրիստոսին. Ուշադրութեամբ ականջ տուէք Իր խօսքերուն. Անպատասխանի չմնացին հայհոյիչ մեղաւոր աւազակին ապաշխարութեան եւ դարձի աղաչանքը եւ խնդրանքը. Պիտի լսէք աղօթքի բառեր, որոնք արձագանքներն են «Սիրեցէք Ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ՚ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մատթէոս, 5.44) Փրկչական պատգամին։

Խաչի խորհուրդը օրհնութիւն է իր խորիմաստ ու անգին արժէքով։ Խաչվերացի տաղաւարը առիթ մըն է Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութեան այս փառաւոր էջը ամուր կերպով դրոշմելու մեր սրտերուն մէջ։ Սուրբ Խաչը գերութենէն ազատագրուեցաւ, որպէսզի Քրիստոսի անունը կրողներ վերանորոգեն Խաչի խորհուրդին հաւատարիմ մնալու իրենց ուխտերը. որպէսզի բարձր պահուի Սուրբ Խաչի նշանը։ Սուրբ Եկեղեցին մարմինն է Քրիստոսի եւ  նոյնացած՝ Սուրբ Խաչի խորհուրդին հետ։ Կարելի չէ Խաչը Եկեղեցիէն զատ մտածել։ Աստուծոյ ապրող տաճարներու հոգեւոր շինութիւնը կարելի կ՚ըլլայ իրագործել Սուրբ Խաչի խորհուրդի կենսատու զօրութեամբ։ Սուրբ Խաչի խորհուրդի զօրութեան անտեսումը, անոր սրբութեան նկատմամբ որդեգրուած անտարբեր կեցուածքը եկեղեցւոյ հոգեւոր կառոյցին տրուած հարուածներ են միայն։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Աստուծոյ զօրութիւնը գերիվեր է մարդկային ճղճիմ զօրութենէն։ Մարկային սահմանափակ զօրութիւնը, որ Աստուծմէ տրուած է որպէս շնորհ, երբ կ՚օգտագործուի հոգեւոր շինութեան համար, Քրիստոսի լիութենէն շնորհքի փոխարէն շնորհք ստանալու դուռը կը բացուի (Յովհաննէս, 1.16-17)։ Հակառակը մտածելն իսկ անբաղձալի է, որովհետեւ կ՚առաջնորդէ դէպի հոգեւոր սնանկացում։ Քրիստոսի եկեղեցւոյ ուխտեալ ծառայողները եւ հաւատացեալները որքան ատեն որ հաւատարիմ կը մնան Խաչին եւ Խաչեալին ու պատիւով կը կրեն Սուրբ Խաչի խորհուրդի նշանին բարոյական ներկայութիւնը, իրենց վիզերէն կախուած խաչի նշանները կ՚իմաստաւորուին։ Հակառակ պարագային  այդ բոլորը պարզապէս զարդի մը կը վերածուին։

Հին Կտակարանի մէջ կը կարդանք մեծ պատուիրանը, որ է. «Ով Իսրայէլ, մտիկ ըրէ, մեր Տէր Աստուածը մի միայն Տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ. Օրինաց, 6.4-5)։ Այս պատուիրանը նոյնութեամբ կը կարդանք նաեւ Սուրբ Աւետարանի մէջ (Մրկ. 12.30))։ Այս պատուիրանը, որպէս Քրիստոնեաներ կրնանք ընկալել Սուրբ Խաչի նշանին համար եւս։  Որովհետեւ «Աստուած սէր է եւ Աստուծոյ սէրը մեզի համար երեւցաւ ասով. Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի անոր միջոցաւ ապրինք» (Ա. Յովհ. 4.9)։ Ահաւասիկ այս հաստատումը յայտնուեցաւ Խաչի Պատարագով եւ այս առումով ալ չարչարանքի եւ մահուան գործիքը դարձաւ «սրբութեան սեղան»։ Ուստի սիրենք Խաչը, ըմբռնենք Խաչին իմաստը եւ ըստ այնմ պատրաստակամութիւն յայտնենք գործակցելու Աստուծոյ բարերար կամքին, որմէ կը բղխի սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնը։ Աղօթենք, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով. «Սէր անուն Յիսուս, սիրով քով ճմլեա, սիրտ իմ քարեղէն. վասն գթութեան,  վասն ողորմութեան, վերստին կեցո» (Ժամագիրք)։  Յիսուս Քրիստոս Աստուած ճշմարիտ սէրն է։ Այս սէրը, կարող է քարացած սրտերը վերածել բարեբեր հողի, որպէսզի պտղաբերէ։ Գթած եւ ողորմած Աստուած, հոգիով մահացածներուն զղջման եւ ապաշխարութեան առիթ ընծայելով, անոնց կեանք կը շնորհէ։

Աստուած օգնէ իւրաքանչիւրիս եւ ընդունի մեր աղօթքներն ու պաղատանքները։ Մնանք ամենայաղթ Սուրբ Խաչի նշանին հովանիին տակ, հեռու մնալով սատանայական փորձութիւններէն։ Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն ընդ մեզ եղիցի. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017