ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս շրջանին նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ՝ երիտասարդաց երգչախումբ մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը մանկապատենական կազմ մը ձեւաւորել կը ձգտի, որպէսզի ապագայ գործունէութիւնը երաշխաւորէ։ Երէկ երեկոյեան, նորաստեղծ այս խումբի առաջին փորձը տեղի ունեցաւ՝ օրհնութեամբ դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, որ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Տէր հօր օրհնութիւնը ստանալէ վերջ նորաստեղծ կազմը առաջին փորձը կատարեց՝ Յովսէփ Գույումճեանի մականին ներքեւ եւ Լիւսի Գահվէճիօղլուի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչներն ալ մասնակցեցան այս անդրանիկ փորձին, որու ընթացքին պատանի կամ երիտասարդ նոր անդամները ողջունեցին եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚առաջնորդուի այն տրամաբանութեամբ, որ հայահոծ թաղի մարդուժը պէտք է ծառայեցնել ապագայ կենսունակութեան նպատակին եւ այս ծիրէն ներս առաջնահերթութիւն կը համարուի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի յարատեւութիւնը։
Եկեղեցական
- 11/26/2024